ՀՅԴ 123-ամեակը Մոնթրէալի մէջ նշուեցաւ Սիմոն Զաւարեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի ազատագրական պայքարի նուիրումին յիշատակութեամբ

 

Այս տարուան տօնակատարութիւնը նուիրուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին ու Արցախի մէջ կռուած ու նահատակուած հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի մահուան 20-ամեակին։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Միհրան Փափազեան , Սարգիս Զէյթլեա կոմիտէներուն եւ Արմէն-Գարօ ուսանողական միութեան կողմէ, շաբաթ, 30 Նոյեմբեր 2013, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս։ Հանդիսութեան ներկայ էին Գերշն. Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան՝ առաջնորդական տեղապահ գանատահայոց թեմի, Գերշն. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան՝ պատասխանատու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի վարչութեան փոխ նախագահ Յարութ Շիթիլեան, հոգեւոր հայրեր, Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէներու, Հայ Դատի յանձնախումբերու, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ընկերներու, համակիրներու ու հանդիսատեսներու խուռներամ բազմութիւն մը, ուր երիտասարդութեան թիւն ալ աչքառու էր։

Հանդիսավար ընկհ. Միրնա Ֆուտուլեան հրաւիրեց ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան Դրօ եւ Գետաշէն մասնաճիւղերու պատանիները, որ կատարեն Հայաստանի օրհներգը։

Կոմիտէներու եւ ուսանողական միութեան վարչութեան խօսքը ներկայացուց ընկ. Զարեհ Տէրվիշեան։ Ան նշեց, Ռուբէն Զարդարեանի բառերով, որ Դաշնակցութեան հիմնադիրները վառեցին հայ ազատագրութեան պայքարի խարոյկը, ու ծանրացաւ Հայրենիք-Սփիւռք՝ միասնական ուժերով, որպէս մէկ ամբողջութիւն Հայ դատին տէր կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ, այդ վառուած խարոյկը մշտաբորբոք ու ա՛լ աւելի կատաղօրէն վառ պահելու համար։

Սիամանթոյի «Զաւարեանի հոգին» ասմունքեց Անայիս Պաղտասարեան։ Կորիւն Գոյունեան դաշնամուրով մեկնաբանեց Տիգրան Չուխաճեանի «Պար»՝ Կարինէ օփերեթէն եւ Խաչատուր Աւետիսեանի «Իլիկներով պար»ը։

Ներկայացուեցան երկու տեսերիզներ, որոնք ցոյց կու տային անոնց կեանքն ու գործունէութեան կարեւոր դրուագները, «Աշխարհիկ սուրբը՝ Սիմոն Զաւարեան», պատրաստուած Պէյրութ, Վանայ ձայնի կողմէ 2004-ին, եւ «Խոնարհ հերոսներ՝ Մհեր Ջուլհաճեան», հեղինակ՝ Սամուէլ Թադեւոսեան, Երեւան, 2000։

Օրուան պատգամը փոխանցեց ընկ. Մհեր Գարագաշեան։ Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Զաւարեան մարդն ու դաշնակցականը, իր արժանիքներն ու թողած տպաւորութիւնները ժամանակակիցներուն վրայ, իր գաղափարներուն տեւական այժմէականութիւնը մինչեւ օրս, իր անձին եզակի կերպարը, որուն հետեւելու ենք մենք՝ իր հետնորդներս։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Զաւարեանի մերօրեայ ժառանգորդներէն Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին եւ նահատակութեան՝ Արցախի ճակատներուն վրայ։ Վերջապէս, բանախօս ընկերը իր խօսքը աւարտեց հարցադրումներով՝ մեր այսօրուան մարտահրաւէրները պատուով ու համահայկական առումով դիմագրաւելու մասին, միշտ Զաւարեանի ոգիով եւ իմաստութեամբ։

Ապա կատարուեցաւ ՀՅԴ ԳՊՄ-էն ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան շարքերը փոխանցման արարողութիւն՝ ընկ. Արարատ Թորոսեանի կնքահայրութեամբ։

123-ամեակի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ պատանիներու կատարողութեամբ «Քեզի յարգանք ու մեծարանք» երգով եւ Հ. Յ.Դաշնակցութեան քայլերգով, որուն միացաւ նաեւ ներկայ ժողովուրդը։ Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ խրախճանքով, ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ երգիչներ Քրիստափոր Արապեանի եւ Գէորգ Արթինեանի։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.