Արցախի Պատկերասփիւռի Կայանը Կը Վերսկսի Իր Գործունէութեան

Արցախի պատկերասփիւռի կայանը կը վերսկսի իր գործունէութեան: Այս մասին տեղեկացանք Արցախի պատկերասփիւռի կայանի Դիմատետրի էջէն:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադառնալով Արցախի պատկերասփիւռի կայանի գործունէութեան վերսկսման` գրած է.

«Արցախի պատկերասփիւռի կայանը կը վերսկսի իր գործունէութեան, թէեւ փոքր կազմով, բայց` չափազանց կարեւոր դերակատարութեամբ, կարելի եղածին չափ արցախցիներու  ընկերային կապերու, հայկական ինքութեան արցախեան առանձնայատկութիւններու եւ արցախեան բարբառի պահպանման, արցախցիները յուզող հարցերը վերհանելու, այս բոլորին մասին պարբերաբար բարձրաձայնելու ուղղութեամբ»:

Comments are closed.