Գանատահայ Դաշնակահար Եւ Երգահան Սէրուժ Գրաճեանի Երեւանեան Նուագահանդէսը
Գանատահայ դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան Հայաստանի մէջ հիւրընկալուեցաւ «Դաշնամուրային ֆանթազիա» խորագրով շրջագայութեան ծիրին մէջ: «Այն ստեղծագործութիւնները, որոնք հնչեցին երեկոյին, երեւակայութեանս արդիւնքն են, կենսագրութեան երաժշտական մատուցումն են: Այն ամէնը, որ փափաքած եմ կատարել երաժշտութեան ոլորտին մէջ, առանց ոճային սահմաններու երաժշտութիւն ստեղծելը եղած է: Նուագահանդէսի ընթացքին բազմատեսակ ստեղծագործութիւններ հնչեցին: «Ֆանթազիա» բառը ճիշդ այդ կը խորհրդանշէ», նշեց դաշնակահարը:
Գրաճեանի համար առաջնային նշանակութիւն ունի նորարարութիւնը: Համադրելով հեղինակային ստեղծագործութիւններու ընտրանին հանրայայտ դասական գործերու նոր մօտեցումներու հետ` նուագահանդէսը արտացոլեց երաժիշտին ստեղծագործական ճանապարհորդութիւնը Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա` կամրջելով դասական երաժշտութիւնը ժողովրդականի, ֆլամենքոն թանկոյի, Միջին Արեւելքի կշռոյթները Հարաւային Ամերիկայի բազմազան տրամադրութիւններու եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան մարգարիտներուն հետ:
«Բախտաւոր եմ, որ կարելիութիւն ունեցած եմ ապրելու տարբեր երկիրներու մէջ: Ամէն երկիր երթալով` կը ձգտիմ այդտեղի երաժշտութիւնն ու երաժշտական աւանդոյթները իմս դարձնել եւ անոնց օգնութեամբ զարգացնել երաժշտութիւնս, որուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն հայկական տարրերը: Հայկական երաժշտութիւնը ինծի համար օդի եւ ջուրի պէս կարեւոր է: Ամէն օր ինծի համար կ`իմաստաւորուի հայկական արմատներու եւ հայկական երաժշտութեան շնորհիւ: Հաւատարիմ մնալով հայկական երաժշտութեան արմատներուն` կը ձգտիմ նորարարութեան», ընդգծեց երգահանը:
Comments are closed.