Գիւմրիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին Հանրահաւաքը

Գիւմրիի Թատերական հրապարակին մէջ յունիս 1-ին տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը:

Հանրահաւաքին ընթացքին «Տաւուշը յանուն հայրենիք» շարժումի ղեկավար եւ վարչապետի թեկնածու Բագրատ արք. Գալստանեան անդրադարձաւ Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած սահմանազատումին` յայտարարելով, թէ անիկա միակողմանի է. «Միակողմանի զիջումներ են, եւ չենք գիտեր, թէ անոնք ո՛ւր պիտի երթան, ինչքա՛ն պիտի շարունակուին»:

«Եթէ իսկապէս սահմանազատում եւ սահմանագծում է, թող 2 տարի առաջուան խնդիրները լուծեն, յետոյ երթան 1990-ականներ, թող փաթեթով լուծեն», նշեց ան:

Բագրատ արք. Գալստանեան անդրադարձաւ նաեւ անցեալ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին` նշելով. «Քրէական այդ գործերն ալ ինչո՞ւ յարուցած են` զանգուածային անկարգութիւններ ըսելով, որպէսզի այդ տղոց վրայ գործ յարուցեն, հիմա ալ ըսեն` պատասխանատու, կազմակերպիչ շրջանակը կը  փնտռենք: Շրջանակ մի՛ փնտռէք, պատասխանատուները ձեր դիմաց կանգնած են եւ այդ պատասխանատուութենէն ալ չեն խուսափիր: Անոնք այդ գործերը յարուցած են` վախցնելու, միեւնոյն ժամանակ հող նախապատրաստելու` իբրեւ թէ իրենց կարճ խելքով մեզ ձերբակալելու եւ կալանաւորելու համար»:

Յայտնենք, որ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցած բախումէն ետք 28 ցուցարար ձերբակալուած է: Քննչական կոմիտէն անոնց նկատմամբ կասկած ունի առերեւոյթ զանգուածային անկարգութիւններու մասնակցելու յանցանքով:

Մինչ հանրահաւաքը Բագրատ արք. Գալստանեանը շաբաթ օր այցելեց Շիրակի թեմի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանի հետ:

Բագրատ արքեպիսկոպոսի ղեկավարած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը շաբաթ օր ինքնաշարժներու երթով հասած էր Գիւմրի, ուր ժամը 2:00-ին «Ազնաւուր» հիմնադրամը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով համերգային ծրագիր կազմակերպած էր, սակայն առաւօտեան տեղեկացուցած են, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ ժամը 12:00-ին:

Բագրատ սրբազանը կը նախատեսէր հանդիպում Տաւուշի թեմի «ՏաԼոյս» երգչախումբի երեխաներուն հետ, որոնք նոյնպէս պէտք էր մասնակցէին համերգային ծրագիրին, սակայն հասան ելոյթ ունենալ:

Ան Գիւմրիի Թատերական հրապարակ հասաւ ժամը 14:00-ին, մինչ այդ շատ արագ հաւաքուած էր բեմահարթակը: Կազմակերպիչները այդպէս ալ որեւէ բացատրութիւն չհրապարակեցին, թէ ինչո՛ւ փոխուած էր ձեռնարկին ժամը:

«Ես եկած էի «ՏաԼոյս»-ի երեխաներին ե՛ւ լսելու, ե՛ւ տեսնելու: Այն վիճակը, որ հիմա այստեղ է, սա մեր երկրի խորհրդանիշն է` ինչ որ տեղի կ՛ունենայ: Մշակոյթի նախարարութիւն, Դանիէլ Դանիէլեան, դեռ ոչ մէկ բան կ՛ըսեմ իրեն, ուրեմն հրապարակային ներում կը հայցէ իր ըրածին համար, Տաւուշէն ծնողներ եկած են ժամը 2:00-ի համար. վերջին օրով, վերջին ժամուն ժամ չեն փոխեր», ըսաւ սրբազանը:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն որեւէ արձագանգ չեղաւ Բագրատ սրբազանի յայտարարութիւններուն:

Comments are closed.