Աղէտի Գօտի Յայտարարուած Լոռիի Եւ Տաւուշի Մարզերէն Փրկուած Եւ Տարհանուած Են 443 Անձեր

Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան փրկարարական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանի Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ 25էն 26 Մայիսին տեղացած յորդառատ անձրեւներուն պատճառով եղած հեղեղումներուն ստեղծած արտակարգ իրավիճակէն մեկնած՝ աղէտի գօտի նկատուող շրջաններուն մէջ 26էն 28 Մայիսին, փրկարարական աշխատանքներ կատարած են մեծաթիւ աշխատողներ։

Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տարբեր բնակավայրերէ փրկուած եւ տարհանուած են 443 անձեր, մասնաւորապէս` 401 Լոռիի մարզին եւ 42 Տաւուշին մէջ, որոնց կարգին Սանահին կայարան բնակավայրէն տարհանուած են 137 բնակիչներ, իսկ 141 բնակիչներ կը շարունակեն մնալ հոն։

«Աղէտի հետեւանքով զոհուել է 4 մարդ: Տաւուշի մարզում Դեբեդ, Աղստեւ, Ձորագէտ եւ Տաշիր գետերի վարարման հետեւանքով վնաս են կրել Լոռու եւ Տաւուշի մարզերի մի շարք բնակավայրեր: Մայիսի 27ին կառավարութեան 772ն որոշման համաձայն ՀՀ Լոռու եւ Տաւուշի մարզերում յայտարարուել է աղէտի գօտի եւ սահմանուել տարածքները:

Մայիսի 29ին, ժամը 9ի դրութեամբ Լոռու եւ Տաւուշի մարզերում իրականացւում են աղէտից տուժած բնակավայրերի ուսումնասիրման, վնասների գնահատման եւ նկուղներից ջրահեռացման, ինչպէս նաեւ տարհանման եւ սննդի ու առաջին անհրաժեշտութեան պարագաների բաշխման աշխատանքներ: Փրկարար ծառայութեան ուժերով իրականացւում են նախապատրաստական աշխատանքներ Սանահին կայարան բնակավայրի հետ ժամանակաւոր հետիոտնային կամուրջ ստեղծելու ուղղութեամբ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Comments are closed.