Օսմանեան Կայսրութեան Առաջնորդները Մեղադրելու Փոխարէն` Փաշինեան Սլաքը Կ՛ուղղէ Հայերուն. «Լեմքին» Հիմնարկ

Լեմքինի անուան Ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկը քննադատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՝ Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող անոր ուղերձին համար։

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութեան մասնագէտները հաստատեցին, որ Հայաստանի ղեկավարը մէկուկէս էջնոց ուղերձով ոչ բացայայտ կերպով միացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման:

Կազմակերպութիւնը, որուն գործադիր կոմիտէի 7 անդամներէն մէկը հայ է, ունի այն տպաւորութիւնը, որ Փաշինեանի ուղերձը կը շեղի ցեղասպանութեան կանխարգելման, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անցումային արդարադատութիւն հիմնարար սկզբունքներէն:

Հիմնարկը նաեւ անհանգստութիւն յայտնեց Փաշինեանի համախոհ Յովիկ Աղազարեան տուած վերջին հարցազրոյցին գծով, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Թուրքիան հետապնդելու Հայաստանի իրաւական հիմքը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերու ցուցակի կազմութեան վերաբերեալ բանավէճերուն համար:

Հիմնարկի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Փաշինեանի ակնյայտ համաձայնութիւնը թրքական եւ ատրպէյճանական հռետորաբանութեան առանցքային կէտերուն, ինչպէս նաեւ անոր ակնյայտ ընդունիլը այդ երկիրներու պնդումները, թէ Հայաստանը խոչընդոտ է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, հայ հասարակութեան մէջ հաստատուն բանավէճերու տեղ տուած է: Ցեղասպանութեան մասին Փաշինեանի յայտարարութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւը, թերեւս, նախայարձակի մասին որեւէ յիշատակման բացակայութիւնն էր։

«Փաշինեանի թէզերը միաժամանակ կը ձայնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշման, որ կ՛արդարացնէ զայն: Կրկնելով 1915-1923 թուականներու իրադարձութիւններու թրքական վարկածը` Հայաստանի վարչապետը, ըստ էութեան, Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու չի նկատեր` նսեմացնելով ճանաչման ուղղուած բոլոր նախկին ջանքերը: Բացի ատկէ, ատիկա կրնայ զգալիօրէն բարդացնել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու շարունակական աշխատանքը։

«Փաշինեան կարծէք կը փորձէ համոզել, որ հայերը կրնան խուսափիլ ապագայ ցեղասպանութիւններէն միայն անձնատուութեան ենթարկուելով Թուրքիոյ այժմու բռնագրաւման մոլի ծրագիրներուն։

«Փաշինեանին կոչ կ՛ուղղենք` վերատեսութեան ենթարկելու իր յայտարարութիւնները եւ վերահաստատելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` արդարադատութիւնը վերականգնելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան կը սպառնան ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, որոնք կը շարունակեն ցեղասպան հայատեացութիւն քարոզել ամբողջ աշխարհի վրայ»։

Comments are closed.