Հունգարիան Կը Խափանէ Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան Հիմնադրամէն Հայաստանին Աջակցութեան Տրամադրումը

Հուն­գա­րի­ան կը խափանէ Եւ­րո­պա­կան Մի­ու­թե­ան Խա­ղա­ղու­թե­ան հիմնադ­րա­մէն Հա­յաս­տա­նին աջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րե­լու նա­խա­գի­ծը, որուն շուրջ դաշ­ին­քին մէջ նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րու­ած էր։ Հայաստան այս հիմնադրամէն օգնութիւն ստանալու դիմում ներկայացած էր նախորդ տարի։

Ըստ «Ազա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի դիւ­ա­նա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րուն՝ Հուն­գա­րի­ան կը պա­հան­ջէ, որ Ատր­պէյ­ճա­ն եւս  նե­րա­ռու­ի ծրա­գի­րին մէջ, ինչ որ, ըստ նոյն աղ­բիւ­րին, դրու­ած է քն­նարկ­ման սեղանին՝ փա­կու­ղի­էն դուրս գա­լու հա­մար։

Ապ­րի­լի կէ­սե­րուն, «Ազա­տու­թիւն»ը տեղեկացաւ, որ Պրիւք­սե­լի մէջ նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րու­ած է Եւ­րո­պա­կան Մի­ու­թե­ան Խա­ղա­ղութե­ան հիմ­նադ­րա­մէն Հա­յաս­տա­նին 10 մի­լի­ոն եու­րո­յի օգնութիւն տրա­մադ­րե­լու շուրջ։ Ըստ դիւ­ա­նա­գի­տա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու` այդ գու­մա­րով պէտք է ստեղծու­էր մէկ գու­մար­տա­կի հա­մար նա­խա­տե­սու­ած դաշ­տա­յին ճամբար մը, որ պէտք է նե­րա­ռէր նա­եւ մէկ բժշ­կա­կան օգ­նու­թե­ան շր­ջուն դար­մա­նա­տուն, ինչ­պէս նա­եւ հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ եւ կա­րո­ղու­թիւն­ներ։

«Այս աջակ­ցու­թե­ան նպա­տակն է՝ նպաս­տել, որ Հա­յաս­տա­նի զի­նե­ալ ուժերը բարձ­րաց­նեն դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւնը եւ կա­յու­նու­թե­ան հաստատ­ման գծով կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ այդպէս՝ աւելի լաւ պաշտ­պա­նեն խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը՝ ճգ­նա­ժա­մե­րու եւ ար­տա­կարգ պատա­հար­նե­րու ընթացքին», կ՛ըսուի փաս­տա­թուղ­թին մէջ, որուն վաւերացումը քա­նի մը շա­բաթէ ի վեր կը խափանուի Հուն­գա­րի­ոյ կող­մէ։

Պուտափեշտ կը պահանջէ, որ ականազերծման համար Ատրպէյճան եւս օգնութիւն ստանայ: Սակայն, հարցը այն է, որ Պաքու այդ հարցով դիմում չէ ներկայացուցած Եւրոպական Միութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միութիւնը կրնայ չընդառաջել. Առ այդ, գործընթացը վերջնականապէս փակուղի կրնայ մտնել։

Comments are closed.