Բնակիչները Դէմ Են Տաւուշի Գիւղերու Յանձնումին. Անոնք Փակեցին Կիրանց-Ոսկեպար Ճամբան
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու 19 Ապրիլին գումարած նիստին յաջորդած յայտարարութենէն ժամեր ետք, բնակիչները փակեցին Կիրանց-Իջեւան եւ Բաղանիս-Նոյեմբերեան հատուածը՝ շեշտելով, որ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները (Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու նախնական համաձայնութեան վերաբերեալ) կը հակասեն օրեր առաջ իրենց գիւղին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ըսածներուն:
Շաբաթ երեկոյեան, անոնք որոշ ժամանակ բացին ճամբան, ապա դարձեալ փակեցին Վրաստան տանող ուղին՝ Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ իրենց շարժումները հետեւողական պիտի ըլլան՝ դիտել տալով, որ 22 Ապրիլին, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումի պարզաբանումներէն յայտնի պիտի ըլլան իրենց յառաջիկայի ընելիքները:
Տաւուշի մարզպետ Հայկ Ղալումեան եւ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան հանդիպում ունեցան, ապա զրուցեցին բնակիչներուն հետ, սակայն քաղաքացիները մերժեցին բանալ ճամբան՝ պնդելով, որ այս հատուածին մէջ սահմանազատում կատարելը հայկական կողմէ միակողմանի զիջում է:
Անոնք մտահոգուած էին՝ նշելով, թէ «անվտանգութեան ոչ մի երաշխիք իրենց չեն տալիս, իշխանութիւնների խօսքերին չեն հաւատում, ճանապարհն ազատել չեն պատրաստւում»:
Կացութիւնը աւելի լարուեցաւ, երբ ոստիկանական ուժերը արգիլեցին բնակիչներուն եւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանին Ոսկեպարի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին երթալ: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ զինուորականները տեղւոյն վրայ ականազերծում կը կատարեն:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկու օրուան լռութենէ ետք տեղեկացուց, որ Տաւուշի մարզին մէջ տեղի կ՛ունենան ականազերծման աշխատանքներ: Սակայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան դէմ իրենց բողոքը արտայայտող Տաւուշի մարզի բնակիչները կասկածով մօտեցան այս աշխատանքներուն՝ դիտել տալով, որ ականազերծում կը կատարուի, որպէսզի տարածքը յանձնեն Ատրպէյճանին: Այս պարունակին մէջ խօսակցութիւն շրջան կ՛ընէ այն մասին, որ Ոսկեպարի եկեղեցին եւս սահմանազատում իրականացնելէ ետք պիտի անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Հայաստանի փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը հերքեց 6էն 7րդ դարերու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին յանձնելու վերաբերող լուրերը:
22 Ապրիլին, եկեղեցւոյ մօտերը հաւաքուած բնակիչներուն արտօնութիւն տրուեցաւ երթալ եկեղեցի՝ պայմանով, որ նկարահանումներ չկատարեն, նաեւ արանց թոյլ չտալու, որ լրագրողները տեսախցիկներով մօտենան եկեղեցւոյ: Ճամբան բանալէ անմիջապէս ետք բնակիչները՝ Բագրատ սրբազանին ընկերակցութեամբ, մտան եկեղեցի:
Ցուցարարներուն եւ ճամբայ փակողներու կարգին էր 96ամեայ Լենա Ղարդաշեան, որ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, թէ որքան պէտք ըլլայ պիտի մնայ եւ պիտի պայքարի:
Թէեւ տաւուշցիները ակնկալեցին, որ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը տեղի ունենայ իրենց նստացոյց կատարած վայրին մէջ, սակայն Տաւուշի չորս համայնքներու ղեկավարներուն եւ մարզային իշխանութիւններուն հանդիպումը՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ տեղի ունեցաւ Երեւանի կառավարութեան շէնքին մէջ:
Comments are closed.