Ընդդիմութիւնը Սահմանազատման Հարցով Ազգային Ժողովի Հրատապ Նիստի Կը Հրաւիրէ

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկեց յաջորդ շաբաթ նախատեսուող Ազգային ժողովի քառօրեային ընթացքին սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով հրատապ քննարկում մը իրականացանել:

Ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին՝ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ քառորդին պահանջով հրատապ նիստեր կարելի է գումարել խորհրդարանական հերթական նիստերուն ընթացքին: Ընդդիմադիրները որոշեցին հրատապ քննարկումը կատարել Երեքշաբթի մեկնարկող քառօրեայի երրորդ հիմնական նիստին:

Իբրեւ յարակից զեկուցողներ ընդդիմութիւնը կ՛առաջարկէ ներգրաւել սահմանագծման եւ սահմանազատման յանձնաժողովի (հայկական կողմէ) նախագահը՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

Ազգային ժողովի նախագահին ուղղուած դիմումին մէջ ընդդիմադիրները կը նշեն, թէ Հայաստանի անունով հանդէս եկող անձերը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով կը կատարեն յայտարարութիւններ, որոնցմով կը խախտեն Հայաստանի սահմանադրութիւնը, «Պետական սահմանի մասին» եւ շարք մը այլ օրէնքներ եւ կ՛անտեսեն սահմանազատման հարցով միջազգային լաւագոյն փորձառութիւնը:

Բացի այդ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ այդ յայտարարութիւններով իշխանութիւնը կը հակասէ թէ՛ իր նախընտրական եւ թէ կառավարութեան 2021-26 թուականներու ծրագիրները։

Comments are closed.