Հնդկաստան Ռազմավարական Արտածումներու Համար Դէպի Հայաստան Օդային Միջանցք Կը Բանայ

Պաշտպանութեան ոլորտը լուսաբանող հնդկական հարթակներէն մէկը` IADN-ը, կը տեղեկացնէ, որ Հնդկաստան ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտածումներու համար դէպի Հայաստան օդային միջանցք կը բանայ։ Ըստ նոյն հարթակին՝ երկու մեծ ընկերութիւններ հիմնած են միացեալ աշխատանքային խումբ մը, որ պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ գումակային գործընթացը։

Ընկերութիւններէն մէկը` Container Corporation of India-ն, մեծ բեռնափոխադրող է. միւսը` HAL-ը, օդանաւային ու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մասնագիտացած է. երկուքին բաժնեմասերը կը պատկանին պետութեան։

CONCOR-ը նախօրէին, «Էքս»ի իր պաշտօնական էջին վրայ շնորհաւորեց միացեալ խումբին դէպի Հայաստան կատարած առաջին թռիչքը` զայն Հնդկաստանի համար կարեւոր քայլ մը որակելով: Խումբը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բեռ տեղափոխած է Հայաստան, առանց մանրամասնութիւն նշելու։

Հրապարակուած լուսանկարին մէջ կ՛երեւի, որ թռիչքը ռուսական օդանաւային ընկերութիւններէն մէկուն բեռնափոխադրող օդանաւով կատարուած է:

«Հետք»ի կայքը թռիչքներու առցանց ռատարով գտած է, որ օդանաւը Իրանի օդային տարածքով հասած է Երեւան. վերջին 7 օրերուն, անիկա երկու թռիչքներ կատարած է:

Նախորդ շաբաթ, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ թէ՛ իրանցի իր պաշտօնակիցին, թէ՛ բանակի հրամանատարին եւ թէ նախագահին հետ։  Երեւան ընդհանրական ձեւակերպումներով հաղորդեց, որ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են, առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու:

Հնդկաստան վերջին տարիներուն դարձած է Հայաստանին զէնք վաճառող հիմնական երկիրներէն մէկը ։ «Հայաստան ռազմավարական ուղղութիւն է», կը գրեն հնդկական աղբիւրներ եւ կը շեշտեց, որ այսպիսով ոչ միայն երկու երկիրներու առեւտրական կապերը կ՛ամրապնդուին, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ Հնդկաստանի ազդեցութիւնը կ՛աւելնայ:

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու լարուածութեան զուգահեռ` զէնքի ձեռքբերման ուղղութեան փոփոխութեան մասին յայտարարած հայ պաշտօնատարներ դիտել տուին, որ Հնդկաստան եւ Ֆրանսա արդէն դարձած են հիմնական գործընկերներ:

«Ռազմական տեխնիկայի ձեռքբերումը, օրինակ, Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ 96 տոկոսից իջել է 10 տոկոսից էլ ցածր, եւ սա նշանակում է, որ Հայաստանը իրականացնում է դիւերսիֆիկացիա (զմազանակերպութիւն) եւ Հայաստանը գործընկերներ է ձեռք բերում ոչ միայն Արեւմուտքում, այլ նաեւ այլ տեղեր` Ասիայում, Հնդկաստանում, եւ տարբեր ուղութիւններով», յայտարեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:

Comments are closed.