Ատրպէյճան Կը Պահանջէ Տաւուշի 4 Գիւղերը Անյապաղ Վերադարձնել

Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի գրասենեակի մամլոյ ծառայութիւնը, մեկնաբանելով 7 Մարտին գումարուած սահմանագծման եւ սահմանազատման Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովներու նիստին արդիւնքները՝ յայտարարութիւն մը տառածելով յայտնեց, որ Պաքու կը պահանջէ Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի շրջանի սահմանագիծին գտնուող 4 գիւղերու տարածքները անյապաղ իրեն վերադարձնել:

«Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր վերջերս հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ կառավարական աղբիւրներէ տարածուող այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւումին տակ: Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, չճանչնալով այդ մէկը, կը պահանջէ ազատել իր 4 բռնագրաւուած գիւղերը: Այս գծով Պաքու անհրաժեշտ կը նկատէ նշել, որ մինչեւ պետական սահմանի սահմանազատում կատարելը, բոլորովին անհիմն է յայտարարել, որ Հայաստանի 31 գիւղերուն պատկանող հողերը բռնագրաւուած են: Գալով Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի 4 գիւղերուն (Բաղանիս-Այրում, Ներքին Ոսկեպար, Խէյրիմլի, Կըզըլ Հաճիլի)՝ անոնց Ատրպէյճանին պատկանելիութիւնը անվիճելի է եւ անոնք ենթակայ են անյապաղ ազատման: Սահմանազատման հոլովոյթի ծիրին մէջ պիտի լուծուի նաեւ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի 4 էքսքլաւային (արտագաւառային) գիւղերու (Վերին Ոսկեպար, Սոֆուլու, Բարխուդարլու, Տիգրանաշէն) ազատման հարցը»։

Այս յայտարարութենէն երեք օր ետք, ըստ «Ազատութեան», Երեւան տակաւին չարձագանգեց 4 գիւղերը անյապաղ վերադարձնելու՝ Պաքուի պահանջին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յորդորեցին այս հարցով դիմել փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակին, սակայն «Ազատութիւն»ը այնտեղէն նոյնպէս պատասխան չստացաւ։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի անդամ Վաղարշակ Յակոբեան առաջարկեց իրավիճակին սառնասրտօրէն մօտենալ եւ սպասել պաշտօնական արձագանգին: «Ցանկացած գործընթաց, որին պէտք է համաձայնուի գործընթացի սկիզբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, դա պէտք է բխի ՀՀ շահերից: Ես նաեւ ուզում եմ տեղեկացնել, որ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացը ոչ միայն մեր պարագայում, այլեւ ամբողջ աշխարհում, որտեղ դա տեղի է ունենում, որոշակի տարածքներ առաջ են գնում, եւ որոշակի տարածքներ հետ են գալիս, սա բնական պրոցես (գոչծընթաց) է: Այլ բան է, որ մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որպէսզի ՀՀ պետական շահը այս պրոցեսի ընթացքում բաւականին արդիւնաւէտ գործի: Ես կարծում եմ` մենք ունենք դրա բոլոր հնարաւորութիւնները», ըսաւ Յակոբեան:

4 գիւղերը վերադարձնելու՝ Պաքուի պահանջին նախորդեց սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպումը, որուն մասին նոյնիսկ հաղորդագրութիւն չտարածուեցաւ, միայն նշուեցաւ, որ անոնք անդրադարձան սահմանազատման հարցերուն եւ սկսան համաձայնեցնել համատեղ գործունէութեան կանոնակարգի նախագիծը:

Շաբաթ օրուան յայտարարութենէն ետք, ըստ «Ազատութեան», պարզ դարձաւ, որ Ատրպէյճան գիւղերուն մասին խօսած է յանձնաժողովի նիստին, սակայն յստակ չէ, թէ Երեւան ի՛նչ ձեւով արձագանգեց:

Ընդդիմադիր պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ խախտած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքային հանդիպումներու իրականացման աշխատակարգը, ըստ որուն,  չհամաձայնեցուած կէտերը պէտք չէ հանրայնացուին:

«Անգամ Հայաստանն իր իսկ կառավարութեան վաւերացրած փաստաթղթերի տառին ու ոգուն մինչեւ հիմա հետամուտ չի եւ չի փորձում անգամ դա պաշտպանել», ըսաւ Մանուկեան։

Թէեւ իշխանութեան ներկայացուցիչները կը վստահեցնեն, որ ժողովուրդէն գաղտնի ոչինչ պիտի ըլլայ, սակայն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ 44օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Սիւնիքի մէջ տարածքներ անցած են ատրպէյճանցիներուն տիրապետութեան տակ առանց սահմանազատման, եւ, այդ մէկը տեղի ունեցաւ ինքնին Հայաստանի իշխանութեան կրաւորական քաղաքականութեան պատճառով, իսկ այժմ այդ քաղաքականութիւնը նոյնն է` իր բոլոր վտանգներով:

«Նիկոլ Փաշինեանի ու իր շրջանակի պարբերաբար պաշտօնական յայտարարութիւնները նոյն Տաւուշում գտնուող ինչ-որ բնակավայրերի մասին լեգիտիմ (օրինական) իրաւունքներ է տալիս, ցաւօք սրտի, Ադրբեջանին, նոր ագրեսիա (յարձակում) իրականացնելու», ըսսսաւ Մանուկեան:

Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները պիտի աւարտին խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ եւ «մեր պատմութեան այս ծանր ու սեւ էջի շրջումով»:

Comments are closed.