Լոյս տեսաւ Համշէնահայերէն Քերականութեան «Համշենցակ Լիզու Գիտանութուն» գիրքը
«Համշենցակ Լիզու Գիտանութուն»։ Այս խորագիրով Անգարայի «Իզան» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ համշէնահայ մանկավարժ եւ Համշէնի բարբառի հետազօտիչ Հուրիյէ Շահինի գիրքը։
Շահին այս հրատարակութիւնով յոյս ունի որ վերջ դրած կ՚ըլլայ համշէնցիներու ազգագրական յատկութիւններու մասին արտադրուած շինծու տեսութիւններուն։
Հուրիյէ Շահինի համշէնական քերականութեան մասին այս ուսումնասիրութեան համար 24 Փետրուարին կայացաւ յատուկ շնորհանդէս մը։ Այդ օր շահին ընթերցողներու համար մակագրեց իր նախորդ գիրքերը եւս։
Հեղինակը այժմ «Հատիկ» միութեան նախաձեռնութեամբ կը պատրաստուի Իսթանպուլի մէջ ալ 17 Մարտ թուականին կայանալիք շնորհանդէսին մասնակցելով։
Comments are closed.