Մաքրոն. «Սիւնիքի Մէջ Տեղի Ունեցած Միջադէպերը Կը Վկայեն, Որ Մագլցումի Վտանգը Իրական Է»

Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը կը վկայեն, որ մագլցումի վտանգը իրական է: Այս մասին 21 փետրուարին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:

«Դուք կրնաք ապաւինիլ Ֆրանսայի աջակցութեանը Հայաստանին, անոր անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, անոր ժողովրդավարական ընթացքին եւ անոր խաղաղութեան ձգտումներուն:

«Այս պահուս, երբ մենք կը նշենք Միսաք Մանուշեանի եւ անոր կնոջ` Մելինէ Մանուշեանի յիշատակը, Եւրոպայի ցամաքամասին վրայ պատերազմական յանցագործութիւնները կը շարունակուին, եւ յանուն ազատութեան պայքարը առաւել քան երբեւէ կը պահանջէ պայքար անպատժելիութեան դէմ:

«Վերջերս Սիւնիքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպերը կը վկայեն, որ մագլցումի վտանգը իրական կը մնայ:

«Ֆրանսան կը ցաւի, որ 12 փետրուարին կրակոցի պատճառով վիրաւորուած է ազրպէյճանցի մը, ինչ որ ընդունած է նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը` լիակատար թափանցիկութեամբ:

«Ֆրանսան ափսոսանք կը յայտնէ Ազրպէյճանի անհամաչափ պատասխան հարուածին համար, որուն պատճառով հայկական կողմը ունեցաւ 4 զոհ եւ 1 վիրաւոր», աւելցուցած է Ֆրանսայի նախագահը:

Պաքուի Արձագանգը

Պաքուն դատապարտած է Մաքրոնի 21 փետրուարի կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք որակելով «միակողմանի եւ անհիմն»:

Պաքուն մասնաւորաբար զայրացած է Ազրպէյճանէն Արցախի բնակիչներու իրենց տուներու վերադառնալու իրաւունքը «արագ, անարգել եւ անվտանգ» ապահովելու Մաքրոնի պահանջէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախ նշած է, որ Ֆրանսան 30 տարի որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարած «հայկական յարձակումի եւ ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման մասին»` շեշտելով, որ «Հայաստանը տակաւին բռնագրաւումի տակ կը պահէ ազրպէյճանական 8 գիւղերը», ապա յայտարարած, որ «բացարձակապէս տեղին չէ», որ ֆրանսական կողմը կը խօսի «ազրպէյճանական տարածքները սեփական կամքով եւ առանց բռնութեան կիրարկման լքած հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին»:

Պաքուն Փարիզին կոչ ուղղած է` դադրեցնելու կողմնակալ յայտարարութիւնները` անընդունելի նկատելով նաեւ «անհամաչափ պատասխան տալու մեղադրանքները», երբ, ըստ Պաքուի, «Հայաստանը ոչ հրահրուած գործողութիւններու դիմած է` խաթարելով շուրջ 5 ամիս տեւած կայուն կացութիւնը»:

«Ֆրանսայի նենգ քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է շրջանին մէջ նոր լարուածութիւն ստեղծելուն, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը խաթարելուն, որեւէ արդիւնք պիտի չտայ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Comments are closed.