Երեւան Պաքուին Առաջարկեց Սահմանազատման Գործընթացը Արագացնել
Երեւան Պաքուին առաջարկեց 6 Հոկտեմբեր 2022ի Փրակի պայմանաւորուածութեան հիման վրայ արագացնել սահմանազատման գործընթացը եւ վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը: Այս մասին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս յայտարարութեամբ արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 15 Փետրուարին ելոյթին վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան:
«Հարկ ենք համարում յիշեցնել, որ 2022 թ. Հոկտեմբերի 6ին Պրահայում Ադրբեջանը եւ Հայաստանը գրաւոր կերպով պայմանաւորուել են, որ 1991թ. Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը սահմանագծման գործընթացի քաղաքական հիմք է լինելու: Ադրբեջանին առաջարկում ենք այս պայմանաւորուածութեան հիման վրայ արագացնել սահմանազատման գործընթացը եւ վերահաստատում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը»:
Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմական հարկադրանքի քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի նկատմամբ: Պաքու Փաշինեանի յայտարարութիւնները որակեց «անհիմն մեղադրանքներ, որոնք նպատակ ունին միտումնաւոր լարուածութիւն բորբոքելու տարածաշրջանին մէջ»:
Պաշտօնական Պաքու նաեւ Երեւանէն պահանջեց պարզաբանել, որ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խոստումը՝ ատրպէյճանցի զինուորի վիրաւորուելուն փաստով հետաքննութիւնը, չէ կատարուած:
Պաքու պահանջեց նաեւ յստակացնել, թէ «ինչի՛ հիման վրայ Հայաստանի սահմանային դիրքերուն մէջ տարբեր զօրամիաւորումներու պատկանող վարձկանները կ՛ենթարկուին պաշտպանութեան նախարարութեան»:
Comments are closed.