Լուվրի Բիւզանդական Արուեստին Եւ Արեւելեան Քրիստոնէութեան Նուիրուած Բաժանմունքը Պիտի Ներառէ Նաեւ Հայաստանը

Լուվր թանգարանը կը պատրաստուի հիմնելու բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունք մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Այս մասին «Էքս»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի:

«Տարեկան 9,6 միլիոն այցելու ունեցող Լուվրը առաջինն է աշխարհի մէջ: Լուվրի մէջ կը նախապատրաստուին հիմնումին բիւզանդական արուեստին եւ արեւելեան քրիստոնէութեան նուիրուած բաժանմունքի  մը, որ պիտի ներառէ նաեւ Հայաստանը: Իսկ Հայաստանի մէջ Լուվրը կ՛աջակցի Էրեբունի թանգարանի վերանախագծման», գրած է դեսպան Տըքոթինիյի:

Comments are closed.