Լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի ամանորի բացառիկը

«Հորիզոն»ի 23-րդ բացառիկը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է Արցախին։ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին հռչակուած Արցախի անկախութեան հռչակումէն 32 տարի ետք, խորտակուած է Հայոց Արեւելից կողմանց դարպասապահ ամրոցը՝ Արցախը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, ականատեսներն ենք արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին։ Արցախը դարերու ընթացքին անվկանդ դիմակայած է արաբական, մոնկոլական, սելճուքեան, պարսկական, թրքական թշնամական յարձակումները, եւ դարաւոր մաքառումներով, պատմական տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին նուաճուած է թշնամիին կողմէ, սակայն ժողովուրդը կառչած մնացած է մայր հողին։ Այսօր, պատմական իր սաղմնաւորումէն հազարամեակներ ետք, Արցախը առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած է։ Արեւելեան ամրոցը խորտակուած է, մեր հայրենիքը վերածուած է միջնաբերդի, որուն անվտանգութիւնը այսօրուան դրութեամբ ճգնաժամային ու խոցելի է։ Հիմնովին խախտած է Հայաստանի արեւելեան սահմաններու ամրակուռ ասպարը՝ սահմանապահ Արցախը, այն սահմանը, որ կ՚երկարէր Վարդենիս-Արցախ սահմանախաչման կէտէն մինչեւ Արաքս, աւելի քան 300 քլմ. սահմանաշերտով։

Բացառիկի կողքի լուսանկարը կը ներկայացնէ Արցախի համար իրենց զօրակցութիւնը յայտնող գանատահայ երիտասարդութիւնը, որ 2020 թուականի արցախեան պատերազմէն ի վեր միշտ գտնուեցաւ պատնէշի վրայ ու լիովին կատարեց հայրենատիրութեան իր ուխտը։

Բացառիկի առաջնորդող յօդուածը յետադարձ ակնարկով կը վերլուծէ Արցախեան ազատագրական պայքարի եւ անկախութեան համար գոյապայքարի երեսնամեակը, միաժամանակ արժեւորելով հայոց պատմութեան այդ ժամանակահատուածի ընթացքին Սփիւռքի դերակատարութիւնը։

Յատուկ թղթակցութիւններով անդրադարձ կայ Արցախի բռնի տեղահանման ու արցախահայութեան բռնագաղթի տաժանակիր ոդիսականին մասին։

Վերլուծական յօդուածով կը շեշտուի Արցախի հայաթափումէն ետք պայքարի հետագայ ուղիներու ազգային մարտավարական նոր ուղիներ որոնելու անհրաժեշտութիւնը։

Քաղաքական փորձագէտի հետ հարցազրոյցով քննարկման բովէ կ՚անցնի Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններն ու հետագայ հաւանական քաղաքական զարգացումները։

Արցախի մէջ տարիներով գործած հնագէտ պատմաբանին հետ հատցազրոյցը լոյս կը սփռէ Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային ժառանգութեան սպառնացող հաւանական վտանգներուն մասին։

Անգլերէն բաժնով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Իսրայէլի նախկին դեսպանը կը շեշտէ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։

Ֆրանսերէն բաժնով կը ներկայացուի արցախցի լուսանկարիչի ոսպնեակով արխիւագրուած Արցախի հայաթափման ու գողգոթայի ճանապարհին նկարուած պատմական դրուագները։

Կողքի Լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի

Յաւելուածը կարդալ այս յղումով

Comments are closed.