Մուրատ Փափազեան. «Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իմ Իրաւունքս»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամՖրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը դիմած է Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ստանձնելու իր պարտականութիւններըբեկանելով Ազգային անվտանգութեան Ծառայութեան որոշումըԱյս մասին ան հետեւեալ յայտարարութիւնը տարածած է.

«14 յուլիս 2022-ին, երբ ես կը մեկնէի Հայաստան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը արգելեց իմ մուտքս եւ արտաքսման հրաման տուաւ՝ ըսելով, որ ես «փերսոնա նոն կրաթա եմ»։

Դէպքերէն 13 ամիս ետք՝ 21 օգոստոս 2023-ին նախնական դատական նիստի ժամանակ դատաւորը Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն պահանջեց ներկայացնել իմ՝ Հայաստան մուտքի արգելքի պատճառները։ Իրադարձութիւններէն 13 ամիս ետք անոնք չկրցան նուազագոյն պատճառները ներկայացնել … Դատաւորը 14 օր ժամանակ տուած էր Անվտանգութեան ծառայութեան՝ ներկայացնելու իմ հեռացմանս պատճառները, այսինքն՝ մինչեւ 4 սեպտեմբեր։ Փաստաբաններս խնդրեցին, որ կարենամ յաջորդ նիստին ներկայ գտնուիլ, բայց դատաւորը մերժեց, փոխարէնը, սակայն, առաջարկեց հեռակայ կարգով մասնակցիլ: Անվտանգութեան ծառայութիւնը ի հարկէ երբեք չէ ներկայացուցած պահանջուող տարրերը: Հոկտեմբերին իմացայ, որ դատաւոր փոխած են, եւ 23 նոյեմբերին, ժամը 14:30-ին, պէտք է նոր նախնական դատական նիստ տեղի ունենայ։ Դատաւորի փոփոխութեան պատճառ չի նշուիր։

Կը դիմեմ Հայաստանի արդարադատութեան համակարգին՝ ձեռք բերելու իմ հեռացմանս պատճառները եւ ինծի իրաւունք տալու մասնակցելու այս դատավարութեան։ Իսկ եթէ Անվտանգութեան ծառայութիւնը դեռ շարունակէ չներկայացնել իմ հեռացմանս պատճառները, ես կ՛ակնկալեմ, որ այս որոշումը կասկածի տակ դրուի։ Իսկ եթէ ականատես ըլլանք արդարադատութեան պարզ ձեւականութեան, ես չեմ վարանիր հարցս փոխանցել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, որպէսզի չեղեալ նկատէ այս անհիմն որոշումը: Ես պիտի պայքարիմ վերականգնելու համար Հայաստան վերադառնալու իմ իրաւունքս. երկիր, որուն համար պայքարած եմ աւելի քան 40  տարի»։

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամՖրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու
համակարգող խորհուրդի համանախագահ

Փարիզ, 21 նոյեմբեր 2023

Comments are closed.