«Հայաստան ՀԱՊԿ-էն Խնդրած Է Օրակարգէն Վերցնել Երկրի Օգնութեան Մասին Փաստաթուղթը» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հայաստանը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան իր գործընկերներէն խնդրած է օրակարգէն վերցնել երկրին օգնութեան մասին փաստաթուղթը: ՊԵԼԹԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը:

Անոր համաձայն, Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նախորդ տարուան նոյեմբերեան նստաշրջանի որոշումներու կատարման ծրագիրի 34 կէտերէն 32-ը կատարուած են:

«Ցաւօք, երկու կէտ գործադրել կարելի չէ եղած. առաջինը մեր միջազգային հաղորդակցութիւններն են եւրոպական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է ԵԱՀԿ-ը: Պատճառը անոնց դիրքորոշումն է: Երկրորդ հարցը Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յանձնարարականն է` վերջնական տեսքի բերելու Հայաստանին օգնելու մասին որոշումը: Թէեւ մնացեալ բոլոր դաշնակիցները սատարած են այս որոշումին, սակայն հայկական կողմը որեւէ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած այս փաստաթուղթին նկատմամբ եւ, աւելի՛ն, մեր աշխատանքի վերջին մասին խնդրած է զայն ընդհանրապէս վերցնել օրակարգէն», ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

2022 թուականի նոյեմբերին Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մերժած էր ստորագրել Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերու մասին Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումի նախագիծը: ՀԱՊԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը հանդիպումէն ետք լրագրողներուն բացատրած էր, որ ընդհանուր առմամբ փաստաթուղթին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու քայլերու թղթածրարը սահմանուած է: Սակայն շարք մը կէտերով որոշման նախագիծը վերջնական տեսքի պէտք է բերուի:

Պետութիւններու ղեկավարները յանձնարարած էին վերջնական տեսքի բերել այս փաստաթուղթը եւ ստորագրուելու համար իրենց ներկայացնել:

Comments are closed.