ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Կապանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են Իրանի Գլխաւոր Հիւպատոսին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներու Սիւնիքի մարզ կատարած երկօրեայ այցելութեան շրջանակներուն մէջ Կապանի մէջ կայացած է հանդիպում Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամինի հետ:

Հանդիպումին մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեանը եւ ՀՅԴ Սիւնիքի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գագիկ Ղարամանեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ներկայացնող հարցեր: Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսը ներկայացուցած է հիւպատոսարանին կողմէ իրականացուող ծրագրերը:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրներու իրականացման:

Comments are closed.