ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպութեամբ Օթթաուայի մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան քայլերթ
881
0
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ, Սեպտեմբեր 23-ին Օթթաուայի մէջ կայացաւ Արցախի զօրակցութեան քայլերթ եւ կարգախօսներով ու ցուցապաստառներով բողոք արտայայատեցին Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ: Երթը պարբերաբար կանգ առաւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ Օթթաուայի քաղաքակեդրոնի բանուկ պողոտաներուն վրայ։
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի երիտասարդները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ամէն ձեւով զօրակցելու Արցախի ժողովուրդին եւ դէմ դնելու Ազրպէյճանի ոճրային քաղաքականութեան:
Comments are closed.