Եւրոպական Խորհուրդը Գանատան Ընդգրկած Է Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կազմին Մէջ
663
0
Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական եւ անվտանգային հարցերու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աջակցելու` Գանատայի առաջարկին: Այս մասին նշուած է յանձնախումբի 18 յուլիսի որոշումին մէջ:
«Գանատայի` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներդրումը ընդունուած եւ նշանակալի է: Գանատան ազատուած է առաքելութեան պիւտճէ կատարուող ֆինանսական ներդրումներէն», կը նշուի որոշումին մէջ:
Որոշումը արդէն ուժի մէջ է:
Comments are closed.