Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն
- (0)

7 յուլիս 2023-ին Երեւանի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ կայացաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:
Մասնակիցները ողջունեցին եւ հաւաքի բացումը ազդարարեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արտաշէս Շահբազեանը, Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արա Գէորգեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Ռուսիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Արթուր Փայտեանը եւ նոյն մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Գալեմքէրեանը:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:
Պաշտօնական բացումէն ետք ֆորումի մասնակիցները պտոյտ կատարեցին Երեւանի մէջ, իսկ անկէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք:
Շաբաթ, 8 յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Երեւանի Ազգագրական-ժողովրդական արուեստներու թանգարան, ապա` Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ: Նոյն օրուան երեկոյեան` ընկերային մթնոլորտի մէջ ունեցան մտերմիկ ընթրիք:



Ֆորումի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ Գիւմրի` ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքը իր տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերով:
Այս տարի 7-19 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Աւստրալիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 15 հայ երիտասարդներ:
Ծրագիրի 13 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ, իրենց հասակակիցներուն հետ պիտի քննեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներ համախմբելու, ազգային արմատներուն եւ մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու, ազգային յանձնառութիւններ ներարկելու նախաձեռնութիւն է: