ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու վերակազմաւորում Ախուրեանի եւ Գիւմրիի մէջ

2023 Յունիս 29-ին, կէսօրուան ժամը 2։00-ին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան հերթական այցելութիւնը Ախուրեանի համայնքին էր, ուր մեկնեցան Շրջանային Վարչութեան անդամներ Մարօ Քէշիշեան, Վահանոյշ Մարգարեան, Զոյա Քոչարեանը եւ Սիլվա Իւզպաշեան, որոնց միացեր էր Հայաստան հիւրաբար գտնուող ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան Ափի Շրջանային վարչութեան անդամ Անոյշ Չալեան։ Ախուրեանի խումբին միացաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան անդամ Լուսինէ Մուքոյեան։

Այս այցելութիւնը ունէր դաստիարակչական բնոյթ՝ նպատակ ունենալով Ախուրեանի եւ Գիւմրիի մէջ վերակազմաւորել ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը։ Հանդիպման վայրը Լէոյի անուան մանկապարտէզն էր, ուր համախմբուած էին վերոնշեալ շրջաններէն շուրջ քսան հայուհիներ եւ ՀՕՄ-ուհիներ, որոնք հաստատակամութեամբ եկած էին իրենց շրջաններուն մէջ վերակենդանացնելու ՀՕՄ-ը։ Ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՕՄ-ի պատմութիւնն ու հետապնդած նպատակները, ՀՕՄ-ի կառոյցն ու Կանոնագրի կարեւոր կէտերը, ինչպէս նաեւ իրագործած մնայուն եւ բացառիկ ծրագիրները։

Զոյա Քոչարեան ներկայացուց քարտուղարի պարտականութիւնները, միութեան արխիւներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ կեդրոնացաւ ՀՕՄ-ի քարոզչութեան կարեւորութեան վրայ։ Անոյշ Չալեան զեկուցեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանի աշխատանքներուն մասին։ Գեղեցիկ անակնկալով մը ընկերուհիներուն այցելեցին Ախուրեանի համայնքապետ Արծրունի Իկիտեանն ու Մհեր Մելքոնեանը։ Պարոն Իկիտեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ախուրեանի համայնքին մէջ իրականացուող հայրենանուէր աշխատանքներուն մասին։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած այս հանդիպումը աւարտեցաւ պատմական խմբանկարով, որմէ դժբախտաբար աշխատանքի բերումով բացակայեցան վեց ընկերուհիներ։

Արդիւնաւէտ այս հանդիպումէն խանդավառուած Շրջանային Վարչութեան անդամները այցելեցին ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանին կողմէ կառուցուած Ակնունիի անուան մանկապարտէզը եւ ծանօթացան կառոյցի պայմաններուն եւ կարիքներուն։ Ապա ընկերուհիները այցելեցին Ախուրեանի Մօր եւ Մանկան Ծննդատունը, ուր, յատկապէս, ընկհ․ Չալեան ծանօթացաւ ընթացող աշխատանքներուն։ Երեկոյեան ՀՕՄ-ի պատուիրակութեան օգտաւէտ աշխատանքները աւարտեցան պրն․ Իկիտեանի հիւրընկալութեամբ ընթրիքով։ Դաստիարակչական աշխատանքները պէտք է շարունակուին։

Comments are closed.