ԱԺ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբը Պրիթիշ Գոլոմպիայի վարչապետ Էպիի հետ արծարծեցին Արցախի ինքնորոշման հարցը
Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) խորհրդարանակական վեհաժողովի Վանգուվըրի նստաշրջանի աւարտէն ետք, Գանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ ԵԱՀԿ նստաշրջանին մասնակցած Հայասատանի պատուիրակութեան անդամ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան յատուկ հանդիպում ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ։ Հանդիպման մասնակից էին Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Վահէ Յակոբեան եւ Վահէ Անտոնեան։
Լիլիթ Գալստեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Էպիին հայ ժողովուրդին ցուցաբերած շարունակական զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Ապրիլի 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Պրիթիշ Գոլոմպիայի խորհրդարանի շէնքին մէջ կայացնելու եւ արցախահայութեան ինքնորոշման զօրակցութեան ի նշան՝ Արցախի պետական դրօշը յատուկ արարողութեամբ խորհրդարանին մէջ բարձրացնելու համար։
Պատգամաւոր Գալստեանը շնորհաւորեց վարչապետ Էպիին նահանգի ղեկավարութեան բարձրագոյն պաշտօնին ընտրութեան առթիւ եւ անդրադառնալով ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի ընթացքին իր կողմէ արծարծուած Արցախի հարցին, վերահաստատեց, որ արցախահայութիւնը պէտք է պահպանէ իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, իսկ Ատրպէյճանի կողմէ աւելի քան 200 օրէ ի վեր պարտադրուած շրջափակումը պէտք է անյապաղ վերջ գտնէ, վերականգնելով Լաչինի միջանցքով դէպի Արցախ ազատ մուտքը։
Վարչապետ Էպի շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւոր Գալստեանին եւ վերահաստատեց Հայաստանին եւ Արցախին աջակցելու իր յանձնառութիւնը։
Նշենք, որ Յուլիս 4-ին, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի եզրափակիչ նիստի ընթացքին , Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ելոյթ ունենալով ահազանգ հնչեցուցած էր ատրպէյճանական յարձակապաշտ վարքագծին մասին։
Comments are closed.