Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գրասենեակին
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ իր նոր գրասենեակի հաստատումը Հայաստանի Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքին մէջ։
Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակին: Նոյն օրը, Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, կատարուեցաւ բանաստեղծին նուիրուած Համազգայինի գրասենեակի հրատարակութիւն՝ «Վահագն Դաւթեան. 100 բանաստեղծութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը: Անմիջապէս ետք, Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակին մէջ նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրը, եւ ներկաներուն նուիրուեցան Համազգայինի հրատարակութիւններէն գիրքերու օրինակներ:
Այսուհետեւ Համազգայինը մաս պիտի կազմէ Գիւմրիի հարուստ մշակութային կեանքին, զայն յաւելեալ ծաղկեցնելով ու աշխուժացնելով։ Իր ծաւալած գործունէութեամբ, Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակը իր ուրոյն դերը պիտի ունենայ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտէն ներս եւ պիտի աշխատի ի նպաստ հայ մշակոյթի ստեղծման, տարածման եւ զարգացման։ Աշխատանքը պիտի ընթանայ գրասենեակի նորանշանակ պատասխանատու Արա Նախշքարեանի հսկողութեամբ։
Ինչպէս Համազգայինի Երեւանի եւ Ստեփանակերտի գրասենեակները, այնպէս ալ Գիւմրիի այս գրասենեակը կամուրջ պիտի հանդիսանայ սփիւռքի եւ հայրենիքի արուեստի զանազան խումբերու եւ կրթական հաստատութիւններու միջեւ։
Յաջողութիւն, կանաչ ճանապարհ ու բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք Համազգայինի Գիւմրիի նորաստեղծ գրասենեակի աշխատանքներուն։
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 19 Փետրուար 2023