Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»
«Ես մինչեւ հիմա չեմ յիշեր, որ որեւէ ժամանակ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը այսքան տրամագծօրէն տարբեր մօտեցումներ ունենան, մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ», Ազգային Ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
«Որեւէ երկիր դուրսը երբ կ՛աշխատի պէտք է համակարգուած աշխատի, եւ ատիկա կարելի է, եթէ մենք առնուազն նոյն ուղղութեան մէջ ենք, եթէ տարբեր ուղղութիւններու մէջ ենք, ատիկա չի յաջողիր, կա՛մ պէտք է ընդդիմութիւնը լուռ համաձայնութեամբ հետեւի, թէ ի՛նչ կ՛ընէ իշխանութիւնը, կա՛մ պէտք է հակադրուի անոր, ինչ որ կը յառաջացնէ իսկապէս լուրջ հարցեր երկրին համար», ըսաւ ան:
Անոր համաձայն, եթէ չփոխենք վիճակը, ապա այդ խզումը հետզհետէ պիտի խորանայ:
«Խզման հիմքին մէջ ինկած է այն, որ դժբախտաբար իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ստեղծուած են տարամիտող մօտեցումներ, զորս կարելի չ՛ըլլար իսկապէս որեւէ ձեւով համադրել: Իսկ ատիկա տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ այդ խզումը նախ եւ առաջ մեծամասնութեան մէջ է: Մեծամասնութիւնը իշխանութեան եկած է խոստումով մը, բայց կ՛իրականացնէ բոլորովին այլ ծրագիր` մանաւանդ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասով», նշեց ընդդիմադիր գործիչը:
Պատգամաւորը նշեց, որ մենք ունինք շարք մը գլխաւոր առաջնահերթութիւններ` Արցախի խնդիր, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, շրջանային խնդիրներ, ներգործընկերային յարաբերութիւններ:
«Այդ խնդիրները լուծելու համար խորհրդարանը ուրոյն դեր ունի: Մենք պէտք է խորհրդարանական դիւանագիտութեամբ աւելի կարծր պաշտպանենք մեր դիրքորոշումները: Բայց մենք ի՞նչ կարծրութեան մասին կրնանք խօսիլ: Նախ մեր խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքը մէկ տարուան ընթացքին կարելի է մատներու վրայ հաշուել, թէ քանի՛ նիստ ըրած ենք, իսկ անոնց գրեթէ 80 տոկոսը եղած է այն պատճառով, որ ընդդիմութիւնը տարբեր նիւթերով նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է` մասնաւորապէս Արցախի հետ կապուած: Եթէ այդ ալ չունենայինք, ապա անհասկնալի է, թէ այս գործունէութիւնը ինչ կ՛ընէր խորհրդարանական դիւանագիտութեան առումով», ըսաւ ան: