Սեպտեմբերեան Մարտերուն Պատճառով Հայկական Կողմի Զոհերու Թիւը 224 Է

13-14 սեպտեմբերին ազրպէյճանական յարձակման պատճառով հայկական կողմի զոհերու թիւը 224 է: Քննչական կոմիտէի մամլոյ բանբեր Գոռ Աբրահամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ այս պահու դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերու ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է:

«Բազմակողմանի քննութիւն կ՛իրականացուի իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելցուց Գոռ Աբրահամեան:

Պաշտօնական Երեւանը աւելի կանուխ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով, որ Ազրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. քմ:

Ազրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս շուրջ 80 զոհի մասին յայտարարած է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.