«Այս է մարմին իմ» սուրբ պատարագ վաւերագրական ֆիլմի ներկայացում»

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, Մոնթրէալի Բասդրմաճեան Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ներկայացումը, «Այս է Մարմին իմ» Սուրբ Պատարագի Վաւերագրական Ֆիլմին։

Ֆիլմի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղեց Բեմագրութեան հեղինակին՝ Տիար Արշաւիր Գաբուճեանին, ինչպէս նաեւ Ֆիլմի բեմադրիչ՝ Տիար Յակոբ Փափազեանին, որ ժամանած էր Հայաստանէն, ինք նաեւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Սրբազան Հօր, Ազգային Առաջնորդարանին եւ բոլոր ակնդիրներուն։

Առ այդ, յառաջիկայ շաբաթներուն Ֆիլմը պիտի տեղադրուի YouTube-ի վրայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.