ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
1430
0
Շաբաթ Օգոստոս 6-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային Գանատայի 44-րդ Շրջանային ժողովը, ներկայութեամբ Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Քէմպրիճէն եւ Վանքուվըրէն 28 մասնակիցներու։
Ժողովը կը վայելէր ներկայութիւնը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկհ. Թիթառ Տէր Յարութիւնեանի, Գանատայի մօտ, Համազգայինի ԿՎ ներկայացուցիչ ընկհ. Թամար Տօնապետեանի, ԿՎ անդամ ընկհ. Լորիկ Սապունճեանի, իսկ քոյր միութիւններէն ՀՕՄ-ը կը ներկայացնէր ընկհ. Անի Օհանեանը։
Ընդհանուր առմամբ, հակառակ համաճարակի սահմանափակ պայմաններուն, ժողովը բարձր գնահատեց նախորդ Շրջանային Վարչութեան ընթացիկ բարեյաջող գործունէութիւնը եւ անոր զուգընթաց նոր իրագործումները ինչպէս՝ փոքր շրջաններու վերաշխուժացումը, նոր կայքէջի յառաջացումը, Արցախի Մանուկներուն ծրագրի իրականացումը, Լիբանանի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի պաշտօնակազմին կատարուած նուիրատուութիւնը, գրատարածի վաճառացուցակի հարստացումն ու հրատարակչական նոր գործերու իրագործումը։ Բանաձեւերուն մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ զարկ տալու համախմբումներու կամ սեմինարներու կազմակերպման եւ ձեռնարկներու փոխանակման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ շարունակել սատար հանդիսանալ Արցախի Մանուկներուն ծրագրին։ Աւարտին, շրջանը ընտրեց իր նոր վարչութիւնը հետեւեալ կազմով՝ Թամար Շահինեան, Անիթա Թոպի, Էօժենի Բարսեղեան, Անահիտ Պալեան, եւ Թալին Քէլէպոզեան։ Յետայսու, Շրջանային Ժողովները որոշուեցաւ գումարել երկամեայ դրութեամբ։