Ցեղասպանութեան Ուրացումը Խօսքի Ազատութեան Դրսեւորում Կը Նկատուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին բաւարարած է Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեքի հայցը, որով ան Զուիցերիոյ արդարադատութիւնը մեղադրած էր իր խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելու յանցանքով:
Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի կայքին՝ ատեանի որոշումով Փերինչեքի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ զայն «միջազգային սուտ» նկատելու արարքը խօսքի ազատութեան դրսեւորում է:
Թուրք քաղաքական գործիչը բազմիցս, ներառեալ՝ Զուիցերիոյ մէջ կայացած գիտաժողովներու եւ այլ հաւաքներու ընթացքին, հրապարակաւ հերքած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Զուիցերիական ատեան մը Փերինչեքը մեղաւոր նկատած էր՝ իր յայտարարութիւններով ազգային խտրականութիւն դրսեւորելու յանցանքով: «Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն սահմանուած, իրաւական եւ դժուար ապացուցելի հասկացութիւն մըն է», նշուած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի նշեալ վճիռին մէջ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակը հակադարձած է Ցեղասպանութեան ուրացումը խօսքի ազատութեան դրսեւորում  նկատող Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի 17 Դեկտեմբերի վճիռը:
«Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 17 Դեկտեմբերի վճիռը դատապարտելի է, որովհետեւ դուռ կը բանայ ատելութեան տարածման առջեւ՝ «կարծիքի ազատութեան» քօղին տակ, եւ կարելի է ինքնին համարել Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան տխրահռչակ օրինակ մը: Այն փաստը, որ դատակազմը միաձայնութեամբ չէ առած որոշումը, կը հաստատէ, թէ իրաւականօրէն տեղ կայ առաջ շարժելու՝ փոխելու համար այս վճիռը: Անհրաժեշտ է լարել մեր ուժերը այդ ուղղութեամբ», նշուած է գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.