21 քաղաքական ուժեր կը նախապատրաստուին խորհրդարանական ընտրութիւններուն
- (0)

Յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, 21 քաղաքական ուժ դիմած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՀ)՝ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համար անհրաժեշտ օգտահաշիւ բանալու նպատակով։ Այս մասին յայտնած է ԿԸՀ խօսնակ Սեդա Ղուկասեանը։
Օգտահաշիւ բանալու փաստը ինքնին չի նշանակեր ընտրութիւններուն մասնակցութեան պարտադիր յայտի ներկայացում։
Դիմած քաղաքական ուժերուն շարքին կը գտնուին «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Քրիստոնեայ-դեմոկրատական» կուսակցութիւնը, «Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը, «Հայաստան» դաշինքը, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Բոլորին դէմ եմ» կուսակցութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, Ազգային ժողովրդավարական բեւեռը, «Ժողովրդավարական համախմբում» կուսակցութիւնը, Հայաստանի շնորհապետական կուսակցութիւնը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, «Ուժեղ Հայաստան Սամուէլ Կարապետեանի հետ» դաշինքը, «Նոր Ուժ» կուսակցութիւնը, «Քոչարի Ազգային Վերածնունդ եւ Ազգի Զարթօնք» կուսակցութիւնը, «Ռեֆորմիստներ» կուսակցութիւնը, «Շանթ դաշինք» ազգայնական կուսակցութիւնը, «Արդարութիւն եւ հայրենիք» կուսակցութիւնը, Միասնական ազգային սահմանադրական կուսակցութիւնը, «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը, «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւնը եւ «Հայք» (Հայկազուններ) կուսակցութիւնը։
Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար պարտադիր է օգտահաշիւ ստանալու դիմում ներկայացնելը, որ պէտք է առցանց եղանակով ուղարկուի ԿԸՀ մինչեւ ապրիլ 23։ Ապրիլ 13-էն սկսեալ, օգտահաշիւի համար դիմած քաղաքական ուժերը կրնան ներկայացնել իրենց առաջադրման անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։