Գուփըրի յայտարարութիւնը չի ներկայացներ Արցախի նկատմամբ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութեան տեսակէտը
Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը Փետրուար 24-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ կապուած Ալպերթա նահանգի Սենթ Ալպերթ ընտրատարածքի Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Մայքըլ Գուփըրի ներկայացուցած հակահայ E-3780 խնդրագրին հետ:
Նշենք, որ Փետրուար 16-ին, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Գուփըրը հակահայ խնդրագիր մը ներկայացուցած էր խորհրդարանի նիստի ընթացքին, որ կը վերաբերի 1992 թուականի Խոջալուի իրադարձութիւններուն։ Գանատացի պատգամաւորին հովանաւորութիւնը վայելող խնդրագիրը կը կրէ 1500 ստորագրութիւն եւ ներկայացուած է Network of Azerbaijani Canadians ատրպէյճանական կազմակերպութեան կողմէ։ Կեղծ տուեալներով խմբագրուած եւ ատրպէյճանական հակահայ պետական քարոզչութիւնը տարածող խնդրագիրը՝ հայերուն կ՚ամբաստանէ Խոջալուի մէջ «սպանդներ կազմակերպելու» մեղադրանքով։ Այս իրադարձութենէն անմիջապէս ետք, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կապ հաստատած էր Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ կուսակցութեան գերատեսչութեան հետ, այս հարցին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ եւ յստակացումներ պահանջելով։
Հայ Դատի յանձնախումբի պահանջին ի պատասխան՝ Գանատայի Պահպանողական կուսակցութիւնը յանձնախումբին յղուած յատուկ նամակով հաստատ երաշխիքներ տուած է, որ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Գուփըրի յայտարարութիւնները չեն արտացոլացներ Պահպանողական կուսակցութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը և նշեալ պատգամաւորին կողմէ խորհրդարանական ելոյթի ընթացքին հնչած կարծիքները իր անձնական տեսակէտերն են եւ ոչ Պահպանողական կուսակցութեանը:
Աւելի՛ն, Պահպանողական կուսակցութիւնը վերահաստատած է, որ արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ կը շարունակէ պահպանել նոյն քաղաքական դիրքորոշումը ՝ կոչ ընելով յարգել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, վերսկսիլ բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հովանաւորութեամբ և վերադարձնել բոլոր ռազմագերիները։