«Համազգային»ի Գանատայի Շրջանի 33-րդ Ներկայացուցչական Ժողով

 

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 33-րդ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 22-23 Յունիս, 2013 շաբաթավերջին, Լաւալի Հայ կեդրոնի ժողովասրահին մէջ։ Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ լիազօրուած պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկ. Սիմոն Հասըրճեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ. Աննա Պուլկարեան, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու եւ շրջանային վարչութեան կողմէ հրաւիրեալներ։

Շաբաթ, 22 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին, նախքան Ժողովին բացումը, «Համազգային»ի Գանատայի շրջանային շրջանաւարտ վարչութեան ատենապետ ընկհ. Թամար Տօնապետեան հրաւիրեց բոլորը 85-ամեայ «Համազգային»ին շնորհաւորանք մաղթելու, ապա  խնդրեց ընկ. Սիմոն Հասըրճեանէն,  որ այս առթիւ Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցէ։ Ընկ. Հասըրճեան կեդրոնացաւ ապագայի ծրագիրներուն վրայ. ան խօսեցաւ անդամական շարքերու խտացման կարեւորութեան մասին, շեշտը դնելով երիտասարդներու ներգրաւման վրայ։

Ժողովի առժամեայ դիւան ընտրուեցան ընկերներ Վիգէն Թիւֆէնքճեան՝ ատենապետ եւ Ռոզմարի Սահակեան՝ ատենադպիր։ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչն էր Լորիկ Գաթրճեան. լիազօրուած պատգամաւորները՝ Լիզէթ Սաաթճեան, Այիդա Ֆրանգեան, Սօսի Թաշճեան, Ալին Տօնապետեան, Արշօ Զաքարեան, Ժիրայր Պետրոսեան եւ Մարալ Հասըրճեան։ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչական ներկայացուցիչն էր Թամար Շահինեան Փօլատեան. լիազօրուած պատգամաւորները՝ Յակոբ Գարայեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Ռոզմարի Սահակեան, Յակոբ Մանճիկեան, Տիրուկ Մանճիկեան, Արտեմիս Մկրտիչեան։ Ժողովը հրաւիրեց ընկերներ Զարա Նալեանը եւ Վարդան Ֆրանգեանը, որպէսզի մասնակցին ժողովին։ Հոս նշենք թէ պատգամաւորներու կողքին, բանաւոր կերպով կը բացակայէր Գէմպրիճի «Տաթեւ» Կորիզի ներկայացուցիչը։

ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Աննա Պուլկարեան շնորհաւորեց շրջանաւարտ վարչութիւնը, անդրադարձաւ «Համազգային»ի առաքելութեան կարեւորութեան ու շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու Համազգայինին։ Ապա, Ժողովը ունկդրեց «Գլաձոր» եւ Սանահին մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրներու ընթերցումները։ Շրջանային վարչութեան 2012-2013 տարեշրջանի միամեայ գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը ընթերցեց ընկհ. Թամար Տօնապետեան։ Տեղեկագիրը լիովին կը ցոլացնէր շրջանաւարտ վարչութեան տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ծրագրուած են եւ կամ՝ ցարդ ընթացքի մէջ։

Հետեւեալ գլխաւոր նիւթերը առանցքը կը կազմէին 2012-2013 տարեշրջանի Գանատայի շրջանային վարչութեան գործունէութեան.-

1) Գէմպրիճի «Տաթեւ» կորիզի վերականգնում.- Կորիզը արդէն իսկ յաջողութեամբ ամբողջացուց մանկապատանեկան գիրքերու վաճառքի ձեռնարկը՝ Մայիս 2013-ին եւ ձեռնարկած է գեղանկարիչ Մերուժան Խաչատրեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսը՝ Յունիս 28, 2013-ին.

2) Գրական Մրցոյթ.- Նիւթ՝ «Հայ մայրը».  մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 20 պատանի եւ չափահաս գրողներ, Թորոնթոյէն եւ Մոնթրէալէն։ Նիւթին գաղափարը հիմնուած է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ 2013 տարեշրջանը «Հայ մօր տարի» հռչակման որոշումին վրայ.

3) Հայաստանէն՝ Համազգային Պետական Թատրոնի Հիւսիսային Ամերիկա շրջապտոյտի ծրագրում եւ համադրում.- Թորոնթօ՝ Հոկտեմբեր 4,5,6, Մոնթրէալ՝ Հոկտեմբեր 11 եւ 13, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ 18,19,20 Հոկտեմբեր 2013-ին.

4) Մասնաճիւղերու, շրջաններու եւ այլ միութիւններու հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ամրապնդում, ձեռնարկներու փոխանակում. հոս հարկ է նշել Համազգային Գանատա-Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ Համազգային Գանատա-ՀՀ Դեսպանատուն փոխ-յարաբերութեան զարգացումը.

5) Համազգայինի 85-ամեակի առիթով յատուկ տարբերանշանի մը յառաջացում եւ պատշաճ քարոզչութիւն՝ մասնաճիւղերու միջոցով եւ առցանց.

6) Կայքէջի (hamazkayin.ca) եւ դիմատետրի (Facebook – Hamazkayin Canada) միջոցով ընդհանուր քարոզչական աշխատանք՝ շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու աշխատանքն ու նախաձեռնութիւնները տարածելու միտումով.

7) Յատուկ աշխատանք՝ Համազգայինի ուսանողական ամառնային 19-րդ Հաւաքին առնչութեամբ, Հաւաքին նպատակը առաւել եւս ծանօթացնելու եւ մասնակցողներու թիւը բարձրացնելու նպատակով. հարկ է նշել, որ Յուլիս 2013-ի հաւաքին, Գանատայի կողմէ պիտի մասնակցին 6 երիտասարդներ, գերազանցելով նախորդ տարիներու ընթացքին Գանատայի կողմէ մասնակցողներուն, ինչպէս նաեւ՝ ընթացիկ տարեշրջանին այլ երկիրներու կողմէ մասնակցողներուն թիւը։

8) «Համազգային»ի պաշտօնական եռամսեայ հրատարակութեան՝ Բագինի, ծանօթացման եւ տարածման յատուկ աշխատանք.

9) Հրատարակչական գործունէութիւն՝ շրջանային վարչութեան հրատարակչական մարմնին կողմէ, յատկապէս՝ անտիպ, գրական արժէք ներկայացնող գրութիւններ հրատարակելու միտումով.

10) Գրատարածի վերաբերեալ գիրքերու ցանկագրում, ցրուումի ծրագիրի մշակում եւ ցրուում.

11) Արխիւներու դասաւորում.

12) Վիպագիր՝ Քրիս Պոհճալեանի Գանատա շրջապտոյտի նախաձեռնութիւն՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, մասնակցութեամբ «Սանահին» եւ «Գլաձոր» մասնաճիւղերուն ։

Ընկ. Գագիկ Խաչատրեան ներկայացուց Վարչութեան 2012-2013 տարեշրջանի նիւթական տեղեկագիրը։ Տեղեկագիրներուն շուրջ լուսաբանական հարցումներէ ու համապատասխան լուսաբանութիւններէ ետք, Ժողովը ունկնդրեց  արխիւային եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկոյցները, ուր յիշեալ յանձնախումբերը գերազանցօրէն գնահատելի կը գտնէին արխիւներու պահպանումն ու դասաւորումը եւ հաշիւներու բծախնդիր, արհեստավարժի մօտեցումով պատրաստութիւնը։

Շրջանաւարտ վարչութեան միամեայ գործունէութեան ըստ էութեան քննարկումի օրակարգին մէջ, ընկերները դրական արտայայտուեցան. խիստ գնահատելի դասեցին Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, բազմաթիւ աշխատանքներուն կողքին յատկապէս նշելով նաեւ Վարչութեան գովելի դերը քարոզչական գետնի վրայ։

Առաջին երկու նիստերուն յաջորդեցին երրորդ եւ չորորդ նիստերը՝ Կիրակի, 23 Յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ։ Այդ օր, Ժողովին հիւրաբար միացան ընկերներ Վահագն Շամլեան եւ Արա Հասըրճեան։ Ա. եւ Բ. նիստերուն ատենագրութիւնը լսելէ եւ վաւերացնելէ ետք, Ժողովը անցաւ բանաձեւերու ընթերցման, որմէ ետք լսեց շրջանաւարտ վարչութեան կողմէ առաջարկներ եւ փոխանցումներ՝ նորընտիր վարչութեան. կը նշենք փոխանցումներէն երեքը.-

1) Հայերէնի դասընթացքի մատուցում, մանաւանդ՝ գաղութային այն փոքր շրջաններուն մէջ ուր ամէնօրեայ վարժարաններ գոյութիւն չունին։

2) Համազգայինի համագանատական համագումար, որուն համար որպէս թուական որոշուեցաւ Հոկտեմբեր 2014-ի երկար շաբաթավերջը (thanksgiving weekend)

3) Կայքէջի զարգացում – առցանց գրախանութի եւ լրատուի ստեղծում։ Ժողովը լսեց պատգամաւորներու կողմէ առաջարկներ եւ թելադրանքներ, որոնց մաս կը կազմէին հետեւեալը.-

1) Գրական մրցոյթի նման մրցոյթներու ձեռնարկում՝ մշակութային զանազան մարզերու մէջ.

2) «Համազգային»ի ընդհանուր գործունէութեան տեղեկատուական թերթիկի հրատարակում, մանաւանդ՝ նոր անդամներու համար.

3) Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առիթով հրատարակութեան մը նախաձեռնում։ Ժողովականները լրջութեամբ արծարծեցին հայ ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցը, խօսեցան հնարաւորութիւններու եւ խոչընդոտներու մասին. անոնք  անդրադարձան նաեւ «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած՝ հայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրին, Երեւանի մէջ։

Օրակարգի աւարտին, տեղի ունեցաւ լրացուցիչ ընտրութիւն՝ 2013-2014 տարեշրջանի Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմին. իրենց շրջանը շարունակեցին ընկերներ՝ Գագիկ Խաչատրեան եւ Զեփիւռ Քէսէրեան-Լուլու. միաձայնութեամբ վերընտրուեցան ընկերներ՝ Ծովիկ Քահվէճեան, Ռիթա Շամլեան եւ Թամար Տօնապետեան։ Գ. եւ Դ. նիստերու ատենագրութեան ընթերցումէն եւ վաւերացումէն յետոյ, նորընտիր վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ընկհ. Թամար Տօնապետեան. ան շնորհաւորեց Դիւանը Ժողովին հեզասահ եւ արդիւնաբեր ընթացքին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն, իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար։

Յաջորդ շաբթուան ընթացքին, նորընտիր շրջանային վարչութիւնը հետեւեալ ձեւով բաժնեց պաշտօնները.- Ատենապետ՝ Թամար Տօնապետեան, ատենադպիր՝ Ռիթա Շամլեան, գանձապահ՝ Ծովիկ Քահվէճեան, հաշուապահ՝ Գագիկ Խաչատրեան, խորհրդական՝ Զեփիւռ Քէսէրեան Լուլու։ 85-ամեայ Համազգայինը նոր թափով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը Գանատայի տարածքին, գերագոյն նպատակ ունենալով հայ մշակոյթի պահպանումն ու զայն սերունդէ սերունդ փոխանցումը։

«Համազգային»ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.