ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «ԱՐԱԶ» Շաբաթօրեայ Վարժարանի կիսամեայ հանդէս
Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՀՕՄ-ի Վանգուվըրի «ԱՐԱԶ» Շաբաթօրեայ Վարժարան ունեցաւ իր Ամանորի հանդէսը։
Հանդէսը տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Հայ Կեդրոնէն ներս, ուր 18 աշակերտներ ներկայացուցին իրենց պատրաստած կիսամեայ աշխատանքները։
Հանդէսը բացուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Մանկապարտէզի քայլերգներով։ Բացման խօսքը ընթերցեց տնօրէնուհին՝ Ընկհ․Սուսան
Սեդրակեանը: Ան իր խօսքին մէջ հակիրճ ձեւով ներկայցուց դպրոցի ընդհանուր
վիճակը, դասաւանդման ոլորտը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոնք կը
յաղթահարուին ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիներու եւ համակիրներու
օգնութեամբ։
Յայտագիրը կ’ընդգրկէր Յիսուս Մանուկի Ծննդեան պատմութիւնը եւ փունչ մը ամանորեայ երգեր։
Հանդէսի աւարտի,ն Հոգեշնորհ Հայր Գարեգին Վարդապետ Շխըրտմեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, ուր շեշտեց Հայ Դպրոցի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որոնք ճիգ չեն խնայեր հայ շունչը վառ պահելու Վանգուվըրի Հայ գաղութի փոքրիկներուն մէջ։
Աւարտին, փոքրիկները դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը եւ ստացան իրենց նուէրները։
«Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէութեան
Լրատուական Յանձնախումբ