Կեանքէն հեռացաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի՝ Վանուհի Իսաջանեանը

Նոյեմբեր 25-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի՝ Վանուհի Իսաջանեանը։

Ընկերուհի Վանուհին, աւելի քան 65 տարի անձնուրաց նուիրումով ծառայած է ՀՕՄ-ին, սկսելով Հալէպէն մինչեւ Մոնթրէալ, հասնելով հայրենիք եւ մինչեւ հայրենի հեռաւոր գիւղեր ու քաղաքներ։ Իբրեւ ՀՕՄ-ի ատենապետուհի, ընկհ. Իսաջանեանի աւանդը մեծ եղած է 90-ական թուականներուն ՀՕՄ-ի կողմէ Հայաստանին եւ յատկապէս Արցախեան Ազատամարտին նպատակաուղղուած օժանդակութիւններուն գծով։

Ծննդավայր Հալէպի մէջ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք ան կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ecole Superieure des lettres-ի մէջ կը հետեւի մանկավարժութեան դասընթացքներուն։ Մոնթրէալ կը հաստատուի 1968-ին եւ անմիջապէս կ՚անդամակցի ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի մասնաճիւղին։ Շնորհիւ իր կազմակերպչական կարողութիւններուն, ան կը գրաւէ ուշադրութիւնը տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ արդէն տարի մը ետք կ՚ընտրուի վարչական։ Երկար տարիներ, որպէս Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի ատենապետ, շուրջը հաւաքելով նուիրեալ ընկերուհիներ, կը տանի օգտաշատ եւ բեղուն գործունէութիւն։

1990-ին ընկերուհին կը դառնայ ՀՕՄ-ի Գանատայի նորաստեղծ Շրջանի առաջին ատենապետուհին եւ ապա 1992-ին Հայաստանի մէջ գումարած համահայկական պատգամաւորական ժողովի կ՚ընտրուի կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ ատենապետուհի։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը կը վարէ ամբողջ 6 տարիներ։

«Հորիզոն»ի մէջ հրապարակուած իր մէկ վկայութեան մէջ ընկհ. Վանուհի կը յիշէ ՀՕՄ-ի գործունէութեան այդ ժամանակահատուածը, նշելով. «ՀՕՄ-ի օժանդակութիւնը երկրաշարժի եւ Հայաստանի անկախութեան օրերուն, եղաւ արագ եւ արդիւնաւէտ։ Գործի առիւծի բաժինը ինկաւ ՀՕՄ-ի ուսերուն։ Հայրենիքի ընկերային պայմանները մղեցին մեզ մշակելու ծրագիրներ՝ օգնելու հայ որբին, հայ զինուորին, հայ կնոջ, հայ աշակերտին եւ ուսուցչին։ Զանազան նախարարութեանց հետ ունեցած իմ տեսակցութիւններս եւ անոնց ցուցաբերած հասկացողութիւնը եւ գործակցութիւնը մեծապէս օժանդակեցին մեր ծրագիրներուն իրագործման։ Ունեցանք դժուար օրեր բայց ՀՕՄ-ը մնաց Հայաստանի մէջ միշտ պատնէշի վրայ եւ այդ օրերուն էր, որ նաեւ կը տանէինք ՀՕՄ-ի գործիչային եւ դաստիարակչական աշխատանք Երեւանի եւ մինչեւ հեռաւոր գիւղերուն մէջ»։

1974-1980 վարած է Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Անուրանալի է իր ներդրումն ու նպատակասլաց աշխատանքը Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի հիմնադրման գծով։ Եղած է անդամ Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին եւ Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով, իսկ Գանատայի կառավարութիւնը Confédération Canadienne 125-աﬔակի առիթով պատուած է զինք բարեսիրական եւ կրթական իր տարած երկարամեայ աշխատանքին համար:

2016 թուականին, 17 Սեպտեմբեր թուակիր հրամանագրով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանը։

Իր պաշտած կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան մասին ընկերուհի Վանուհիի վկայակոչումն էր. «ՀՕՄ-ին պատկանիլը մեծ հպարտութիւն մը պէտք է ըլլայ բոլոր ընկերուհիներուն համար եւ մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ անանձնական»։

*

ՄԱՀԱԶԴ

Գույումճեան, Թապաքեան, Թուխանեան, Պուլկարեան եւ Օհանեան ընտանիքներ կը գուժեն մահը Բազմավաստակ Կրթական մշակ, ՀՕՄ-ի, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի, ՀՅԴ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ՝
ՎԱՆՈՒՀԻ ԻՍԱՋԱՆԵԱՆի (Ծնեալ 1936-ին, ՀԱԼԷՊ)
որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2021-ին։

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱՐԳ
Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021, ժամը 12.00, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի։

Փոխան ծաղկեպսակի ձեր նուիրատուութիւնները պիտի բաշխուին եկեղեցւոյս եւ
ՀՕՄ-ի «Մօր Մանկան» ծրագրին։ Այս առթիւ կը խնդրուի կապուիլ 514 331 5445 #202 թիւին։

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.