Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Փաստը Եւ Կը Դատապարտէ Թուրքիան` Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւններուն Աջակցելուն Համար
19 մայիսին, Եւրոպական խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընթացքին Թուրքիոյ վերաբերեալ իր զեկուցումին մէջ վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր կոչը: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու որեւէ հակահայկական քարոզչութենէ ու ատելութեան խօսքէ եւ լիարժէքօրէն յարգելու հայկական մշակոյթը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնները:
Զեկուցումին մէջ քանի մը անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Արցախի տագնապին մէջ Թուրքիոյ բացասական դերին.
– Կը դատապարտուի այն փաստը, որ Թուրքիան զինուորական գործողութիւններուն վերջ դնելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան տակ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսման կոչեր ընելու փոխարէն, որոշեց անվերապահօրէն աջակցիլ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն, նպաստել անոնց շարունակման` ատով իսկ դիմելով հրահրող հռետորաբանութեան եւ նպաստելով լարուածութեան սրման, եւ ոչ թէ ատոր նուազման:
– Կը դատապարտուի Սուրիայէն եւ այլ վայրերէն օտարերկրեայ զինեալներու տեղափոխումը Արցախ, ինչպէս որ ատիկա հաստատուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ:
– Թուրքիոյ անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղուի զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ կամ հռետորաբանութենէ, որ կրնայ աւելի սրել Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ լարուածութիւնը եւ աջակցելու միջազգային երկխօսութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ խաղաղ բանակցային հոլովոյթին:
– Խստօրէն կը դատապարտուի Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ժիհատական խումբերէն զինեալներու եւ վարձկաններու տեղափոխումը Լիպիա եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտի:
Բացի ատկէ`
– Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի պաշտպանելու Թուրքիա ապրող ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու, ներառեալ` հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու եւ քրիստոնեաներու իրաւունքները եւ անյապաղ ընդունելու խտրականութիւնը արգիլող համապարփակ օրէնսդրութիւն:
– Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղուի ուսումնասիրելու «Գորշ գայլեր» ծայրայեղական շարժումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու` Եւրոպական Միութեան ցանկին մէջ ներառելու կարելիութիւնը եւ արգիլելու ատոր ճիւղային կառոյցներու գործունէութիւնը Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ:
– Ուշադրութեամբ հետեւելու անոնց գործունէութեան եւ հակազդելու ատոնց հաւանական ազդեցութեան, որ սպառնալիք է յատկապէս հայկական, քրտական ու յունական ծագում ունեցող քաղաքացիներուն եւ տուեալ կազմակերպութեան կողմէ այլախոհ նկատուող ոեւէ անձի համար: