Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաք` Սեւան Քաղաքին Մէջ
6 ապրիլ 2021-ին, Սեւան քաղաքի «Սուրէն Զաքարեան»-ի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Ընդդիմադիրները նախապէս յայտարարեցին, որ մինչեւ 22 ապրիլ հանրապետութեան մարզերուն մէջ հանդիպումներ պիտի կազմակերպեն իրենց կողմնակիցներուն հետ, ապա շարժումները պիտի վերսկսին մայրաքաղաքին մէջ: Առաջինը Սեւանի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքն է:
ՀՅԴ կամաւորական շարժում կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, ազատամարտիկ Իգոր Սարգսեան յայտնեց, որ զիրենք համախմբողը հայրենիքի, պետականութեան կորուստի վտանգն է, ինչպէս նաեւ միտումը` խօսելու ճշմարտութեան մասին եւ ցոյց տալու այն բանալին, որով կարելի է փրկել երկիրը:
«30 տարի առաջ զիս համակած էր հայրենիքի պաշտպանութեան մղումը, պայքարեցանք յանուն հայրենիքի, Արցախի մեզմէ խլուած որոշ չափը ետ բերինք, մեր մէջքը ուղղեցինք, հայու արժանապատուութիւնը պահեցինք, յաղթեցինք եւ փորձեցինք պետականութիւն ստեղծել: Սակայն 2018-ին եկաւ իշխանութիւն, որ քայլ առ քայլ ծրագրաւորուած կը փորձէ յանձնել մեր երկիրը թշնամիին, որ պատմութեան ընթացքին ձգտած է ոչնչացնել մեր տեսակը, մեր հողէն ու ջուրէն կտրել մեր ժողովուրդը», ընդգծեց ան:
Իգոր Սարգսեան նշեց, որ 2018-ի իշխանափոխութենէն առաջ այսօրուան իշխանութիւնները կոչ կ՛ուղղէին մերժելու փտածութիւնը, սակայն իրենք բերին փտածութիւն ու կաշառակերութիւն:
Խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեանը:
Իսկ պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց. «Ես այսօր պարտութեան մասին պիտի չխօսիմ: Մենք ունեցած ենք հզօր բանակ, ու այսօր պարտաւոր ենք վերականգնել հայկական հզօր բանակին համբաւը»: Ան աւելցուց, որ երբ բանակն ու ժողովուրդը միասին են, անոնք անպարտելի են: Անոր համաձայն, վերջին պատերազմի պարտութեան պատճառներէն մէկը այն է, որ չկրցանք բանակին համար ամուր թիկունք ապահովել:
Սէյրան Օհանեանի համաձայն, դժուար պահերուն միշտ բանակն ու ժողովուրդը միասնական եղած են, իսկ այս իշխանութիւններուն օրով այդ միասնականութեան գաղափարը ոչնչացուեցաւ, ջախջախուեցաւ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ 2,5 տարի առաջ իշխանութեան եկաւ խմբակ մը, որ, խաբելով ժողովուրդը, խոստացաւ անվտանգութիւն, բարեկեցիկ կեանք, արժանապատիւ ապագայ, բարձր աշխատավարձ, խոստացաւ, որ երեխաները լաւ կրթութիւն պիտի ստանան, սակայն 3 տարի ետք արդէն ունինք կորսուած հայրենիք, 5000-է աւելի զոհեր, փլուզուած տնտեսութիւն, եւ հայ մարդը այսօր յոյս չունի այս երկրէն:
«Եթէ ժամանակին Հայաստանէն կ՛արտագաղթէին անոնք, որոնք ապրելու պարզ միջոցներ չունէին, այսօր նաեւ կ՛արտագաղթեն մարդիկ, որոնք ունին ապրելու կարելիութիւն: Պարզապէս, չեն ուզեր ապրիլ այն իշխանութիւններուն հետ, որոնք դաւաճանած են ժողովուրդին եւ յոյս չեն տեսներ այս երկրի ապագային նկատմամբ: Բայց մենք կոչ կ՛ուղղենք այդ քաղաքացիներուն գալ, կանգնիլ մեր պետութեան կողքին, մեր ժողովուրդի կողքին, միասնաբար քշենք այս դաւաճանները եւ կառուցենք մեր երազած հայրենիքը», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, պատերազմէն առաջ Գեղարքունիքի մարզը թշնամիին հետ սահման ունէր 82 քիլոմեթր հատուած, պատերազմէն ետք այդ սահմանը դարձած է 160 քիլոմեթր, ինչ որ ապահովական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը դնէ շրջանը, որովհետեւ 160 քիլոմեթր սահման պահելու համար անհրաժեշտ են հսկայական ենթակառուցուածքներ ու կարողականութիւն: Պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ կայ 7 հազար տեղահանուած ընտանիք` շուրջ 30 հազար մարդ, նաեւ այս իշխանութիւնը ի վիճակի չէ պաշտպանել մեր ժողովուրդին շահերը, իրաւունքները, զարգացնել տնտեսութիւնը, այս բոլորին համար ալ այս իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ` յանուն հայ ժողովուրդին, յանուն Արցախին, յանուն մեր ապագայի: «Մենք չենք կրնար հանգիստ նստիլ մեր տուներուն մէջ եւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը կործանի երկիրը», նշեց ան:
«Մեր մարզը յառաջիկային շատ աւելի ճշգրիտ պիտի տեսնէ այդ խնդիրները. Քարվաճառի ճամբան, որ կ՛անցնէր Գեղարքունիքի մարզով, վերջին շրջանին բաւական տնտեսական աշխուժութիւն ցոյց կու տար. այլեւս այդ ճամբան չկայ: Սոթքի հանքը, որ մեր մարզի տնտեսական ցուցանիշներուն հետ կապուած բաւական մեծ ցուցանիշներ ունէր, հիմա հարցականի տակ դրուած է հանքի շահագործումը: Վարդենիսի շրջանի մեր բնակիչները յառաջիկային պիտի զգան գիւղատնտեսական այն խնդիրները` խոտհարքի, վարելահողերու, անասնապահութեան հետ կապուած, որոնք արդէն թշնամիի հսկողութեան տակ են», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ կային բազմաթիւ թերութիւններ, բայց եւ այնպէս կային ձեռքբերումներ. «Մենք կառուցեցինք բանակ մը, որ ամէնէն մարտունակն էր Անդրկովկասի մէջ, մենք կրցանք ետ վերցնել մեր հայրենիքի այն հատուածը, որ կը կոչուի Արցախ, բայց պատերազմէն 44 օրեր ետք ես քաղաքացիներուն պատասխան չունիմ. այն ինչ որ կատարուեցաւ 44 օրերու ընթացքին պատերազմ չէր», ըսաւ ան:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ ամիսներ շարունակ հայ ժողովուրդը կը խաբէին, հիմա ժողովուրդը այլ ճամբով պէտք է առաջնորդուի, արտահերթ ընտրութիւններ պէտք չէ ըլլան: «Մենք կը մտածէինք` կը յաղթենք, բայց եւ այնպէս մենք անընդհատ կը պարտուէինք, իսկ հազարաւոր երիտասարդներ կը զոհուէին: Այս իշխանութիւնը ոչ թէ պէտք է արտահերթ ընտրութիւններով փոխել, այլ ժողովուրդը պէտք է վտարէ զանոնք: Ես ընտրութիւնները չեմ ընդունիր, քանի որ այդ ընտրութիւնները վատ իշխանութիւններ պիտի յառաջացնեն: Ասիկա դաւաճանութիւն է, իսկ սերունդներուն պէտք է ցոյց տալ` չենք ներեր դաւաճանութիւնը», շեշտեց Վազգէն Մանուկեան: