Արժանապատուութեան Երթին Մասնակիցները Կը Հաստատեն. «Փաշինեանի Հեռացումը` Քաղաքական Օրակարգի Թիւ Մէկ Հարց»

17 Դեկտեմբերին եւս տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Արժանապատուութեան երթը՝ Երեւանի Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ գտնուող Թումոյի այգիէն։

Շառժապատկերի արտադրող Ռուբէն Մխիթարեանի հեղինակած «Իմ Արցախ, իմ հող ու ջուր, իմ Հայաստան» երգին ներքոյ՝ եռագոյներով, «Հայրենիքը փրկողը հէնց դու ես» գրութեամբ մեծ պաստառով, «Հայաստա՛ն, Հայաստա՛ն», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» բացագանչութիւններով ու վանկարկումներով քաղաքացիները սկսան իրենց երթը՝ դէպի կեդրոն։

ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ պայքարը յանուն հայրենիքի է, յանուն մեր երկրին, յանուն արժանապատուութեան։ «Ձեզանից շատերը հարազատներ ու ազգականներ ունեն Կապանում, Գորիսում, Զանգեզուրում, Մեղրիում: Հէնց այսօր Նիկոլ Փաշինեանը գողանում է նրանց անվտանգութիւնը: Հրաւիրում է, թուրքին գրկաբաց ընդունում է Գորիսի, Ղափանի մատոյցներում, եւ դրա համար է, որ մենք ողջ ժողովրդի անունից ասում ենք` առանց Նիկոլ Հայաստան», յայտարարեց Մանուկեան։

1218Yert4

Ան դիմեց պատուհաններէն երթին հետեւող աջափնեակցիներուն՝ յայտնելով, որ Փաշինեան այնպիսի իրավիճակ կը ստեղծէ, որ վաղը Կապանը կրակի տակ պիտի ըլլայ։ Ան կոչ ուղղեց տունը նստած եւ ուղիղ եթերով պայքարին հետեւողներուն՝ միանալու իրենց։

Արծուիկ Մինասեան իր կարգին երթին ընթացքին յայտարարեց. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր ոհմակը ոչ միայն տուեցին Արցախը, ոչ միայն զիջեցին մեր հայրենի հողը, ոչ միայն զոհեց մեր հինգ հազար հայորդիներին, հաշմանդամ դարձրեց հազարաւոր մարդկանց, տնազուրկ դարձրեց հարիւր հազարաւոր ընտանիքների, այսօր արդէն նաեւ Սիւնքիի սահմանային դիրքերն է յանձնում»: Ըստ անոր՝ Փաշինեան եւ իր ֆէյք բանակը կը փորձեն սեւցնել բանակը, զինուորը, սակայն զինուորը, բանակը հերոս են։ Մինասեան կոչ ուղղեց Սփիւռքին՝ ոտքի կանգնելու, որովհետեւ Փաշինեան դաւաճանած է նաեւ ամէն վայրկեան նիւթական եւ այլ աջակցութեամբ բանակին ու հայրենիքին կողքին կանգնած Սփիւռքին։

Երթին մասնակցողները Բաղրամեան պողոտայէն քալեցին դէպի Ֆրանսայի հրապարակը։ Յայտարարութիւններով հանդէս եկան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ, նախկին պաշտօնեաներ եւ այլ անձեր։

1218Yert2

«Նիկոլ Փաշինեա՛ն, քո հրաժարականը պահանջում է ողջ արժանապատիւ հայութիւնը: Քեզ չյաջողուեց երկու տարում պառակտել ժողովրդին, որովհետեւ մենք միասնական ենք, հող ու հայրենիք պաշտել գիտենք: Նիկոլ Փաշինեան, այսօր քաղաքական օրակարգում մի հարց կայ` դա քո հեռացումն է», ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան։

Ան նկատել տուաւ, որ քաղաքականապէս կոյր Նիկոլ Փաշինեան նաեւ չի նկատեր, որ նորանոր բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներ կը միանան շարժումին։ Ան շնորհաւորեց անոնց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որովհետեւ շարժումի շարքերուն մէջ կը մեծնայ մտաւորականութեան թիւը։

«Այս պահին Սիւնիքի մարզում չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն է տեղի ունենում, որն ամբողջութեամբ հակասում է Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած կապիտուլեացիոն ակտին (անձնատուութեան որոշումին-Խմբ.), այնտեղ որեւէ բառ չկար Կապանի եւ Սիւնիքի մարզի մնացած տարածքների հետ կապուած», յայտարարեց «Իրաւական կրթութիւն եւ վերահսկողութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արփինէ Յովհաննիսեա։ Ըստ անոր՝ որովհետեւ եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած չէ Սիւնիքի տարածքները յանձնելու մասին, Հայաստանի իրաւապահ համակարգը Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ պէտք է քրէական գործ յարուցէ՝ պարզելու, թէ ինչո՛ւ կը յանձնուին Սիւնիքի տարածքները:

1218Yert3

Ապա Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ելոյթ ունեցան կարգ մը  քաղաքական գործիչներ։

Գեղամ Մանուկեան նկատել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդը բաժնելու նոր ձեւ գտած է. ան կ՛ըսէ, թէ անոնք, որոնք հրաժարականս կը պահանջեն, վերնախաւ են. «Որովհետեւ կիսագրագէտ, համալսարանի կիսաշրջանաւարտ, կիսալրագրող, բամբասող լրագրողի տասնամեակների աշխատանքով ուղեղը չի էլ հասել, որ երկիրը էլիտաներով է, արժանապատիւ մարդկանցով է, մտաւորականներով է, երիտասարդութեամբ, գիտնականով, բժշկով, սպաներով է երկիր, ոչ թէ կիսաստերով, պաշտօնեաների վրայ գրելով, գալ ստով հասնել իշխանութեան ու վերջում էլ երկիրը ծախել», ըսաւ Մանուկեան՝ աւելցնելով, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին միացողներն են, որ արժանապատուութեան տէրն են՝ գիտնականներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, ոստիկանութեան բազմաթիւ աշխատողներ, ԱԱԾ գնդապետներ ու զօրավարներ:

Իրաւական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Ղազինեան յայտարարեց, որ Ընդհանուր դատախազութեան դիմաց պէտք է ձեռնարկել անժամկէտ նստացոյցի՝ պահանջելով հարցաքննել եւ կալանաւորել պետական դաւաճան Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով. «Հայաստանի Հանրապետութեան մեր արժանապատիւ քաղաքացիներ, յիշում էք չէ՞, որ Նիկոլը դատուելու է, յիշում էք չէ՞, որ Նիկոլը մենակ չի, ուրեմն մենք գործ ունենք ոչ թէ մէկ մարդու պետական դաւաճանութեան, այլ կազմակերպուած յանցաւոր խմբի կողմից պետութիւնը թուլացնելու նպատակով իրականացուած համալիր գործողութիւնների հետ, որոնց արդիւնքում տեղի է ունեցել հայկական բանակի կազմաքանդում, Արցախեան պատերազմի մեզ համար ցաւոտ ելք»։

1218 yert7

Ոստիկանութեան գնդապետ Սայաթ Շիրինեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ արդէն բաւական ատեն է, որ Փաշինեան եւ իր անմեղսունակ խումբը կը փորձէին նսեմացնել այս շարժումը՝ ըսելով, թէ անոր նպատակը իշխանութեան կռիւն է, սակայն  արդէն ապացուցուեցաւ, որ ասիկա յանուն փրկութեան շարժում է։ Ան կոչով դիմեց հայերուն՝ ըսելով, որ պէտք է միանալ պայքարին, որովհետեւ իրաւունք չունինք կորսնցնելու հայրենիքը:

Ելոյթներու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ 18 Դեկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7ին, Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն պիտի մեկնարկէ լուռ մոմավառութիւն-երթ՝ դէպի Եռաբլուր սրբավայր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.