Քուէյթի հայութեան Ազգային պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Դեսպանին հետ եւ պահանջեց վարչապետին հրաժարականը
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին Քուէյթի հայութեան Ազգային պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ Քուէյթի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Հոգշ․ Տ․ Պետրոս Վրդ․ Մանուէլեանի, մասնակցութեամբ՝ Արժ․ Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քէհեայեանի, Թեմական Խորհուրդի եւ Ազգ․ Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, նաեւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի Տնօրէնին, այցելեց Քուէյթի մօտ ՀՀ Դեսպանատուն եւ հանդիպում մը ունեցաւ Դեսպան` Պրն․ Սարմէն Պաղտասարեանին հետ։ Պատուիրակութիւնը իր ցասումը յայտնեց Նոյեմբեր 9-ին, ՀՀ Վարչապետին կողմէ ստորագրուած նուաստացուցիչ ու պարտուողական փաստաթուղթին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան բարւօք լուծում գտնելու եւ երկիրը փակուղիէն դուրս բերելու նպատակով, պահանջեց ՀՀ Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, եւ Հայաստանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Պատուիրակութիւնը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը եւ ընդվզումը արտայայտեց Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ազատ խօսքը լռեցնելու իշխանութիւններու միտումնաւոր ապաժողովրդավարական քայլերուն նկատմամբ։ Պատուիրակութիւնը այս բովանդակութեամբ նամակ մը յանձնեց Պրն․ Դեսպանին` հասցէագրուած ՀՀ Իշխանութիւններուն։ 23 Նոյեմբեր 2020 Քուէյթ