Գանատան կասեցուցած է ռազմական սարքեր մատակարարել Թուրքիոյ
Գանատայի Արտգործ Նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայմ յայտարարած է, որ գանատան կը կասեցնէ ռազմական սարքաւորումներ մատակարարել Թուրքիոյ: Ան գրած է, որ շարունակուող հետաքննութեանց հիման վրայ եւ արտահանման խիստ օրէնքներու դրոյթով՝ կասեցուցինք դէպի Թուրքիա ռազմական սարքաւորումներ արտահանելու թոյլտուութիւնները: Ան իր գրառման մէջ կոչ ուղղած է անյապաղ քայլեր ձեռնարկել՝ բռնութեան կանխարգիլման եւ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան համար:
Իսկ Հոկտեմբեր 3-ին, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ յայտարարած էր, որ Գանատան պէտք է պարզէ, թէ ինչ ձեւերով թուրքիոյ մատակարարուած ռազմական սարքերը յայտնուած են Ատրպէյճանի բանակին մօտ: Ռազմական փորձագէտները ուսումնասիրած են Ատրպէյճանի տարածած օդուժի տեսանիւթերը եւ եզրակացուցած, որ օգտագործուած անօդաչու սարքերը համալրուած եղած են գանատական թիրախաւորման եւ նկարահանման սարքերով, որ արտադրուած է գանատական L3Harris Technologies ընկերութեան կողմէ:
Ըստ The Globe and Mail պարբերականին, վերոյիշեալ ընկերութիւնը այս տարի արտօնագիր ստացած էր եօթը համակարգեր մատակարարելու թրքական Bayraktar ընկերութեան, իսկ գանատայի ներմուծման եւ արտահանման օրէնքները խստօրէն կ’արգիլեն զէնք ու զինամթերքի վաճառքը, եթէ այն կ’օգտագործուի միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման գործառոյթով:
Հոկտեմբեր 2-ին, նախարար Շամփայն արդէն իսկ յայտարարած էր, որ դէպի Թուրքիա զէնքի արտահանումը կը դադրի, եթէ ապացուցուի մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին տեղեկութիւնները:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը բազմիցս կոչ ըրած է պետութեան՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի ու թուրքիոյ բռնարարքներն ու դադրեցնել զէնքի արտահանումը: