Համազգային Գանատայի 41-րդ- Շրջանային ժողով
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 41-րդ Շրջանային միօրեայ ժողովը տեղի ունեցաւ 22 Օգոստոս 2020-ին, առցանց դրութեամբ։
Ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեանը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Յակոբեանը, Բագինի խմբագիր ընկերուհի Սոնիա Քիլէճեանը, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամները, Սանահին ու Գլաձոր մասնաճիւղերու պատգամաւորները եւ խորհրդակացական ձայնով հրաւիրեալ ընկեր-ընկերուհիներ։
Ժողովը քննարկեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական տեղեկագիրը եւ արժեւորեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը իբր յոյժ գնահատելի։ Ապա ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան օրակարգը եւ համապատասխան բանաձեւերով ճշդեց անոր ուղին։
Ժողովի աւարտին, ժողովը կատարեց 2020-2021 տարեշրջանի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչական կազմը.
Թամար Շահինեան (Մոնթրէալ)՝ատենապետ
Ռոզմարի Սահակեան (Մոնթրէալ)՝ատենադպիր
Անիթա Թոպի (Մոնթրէալ)՝գանձապահ
Էօժէնի Բարսեղեան (Թորոնթօ)՝խորհրդական
Սիւզի Նաճարեան (Թորոնթօ)՝խորհրդական
Համազգային Գանատայի 41-րդ- Շրջանային ժողով
24 Օգոստոս 2020