Ատրպէյճանական հակահայ սադրանք Թորոնթոյի մէջ

Օգոստոս 1-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի մէջ խումբ մը ատրպէյճանցիներ փորձած են սադրանքի ենթարկել հայ երիտասարդներու եւ ընդհարում հրահրհրած են։ Միջադէպի վայր ժամանած է ոստիկանութիւնը, որ կը շարունակէ դէպքի հետաքննութիւնը։

Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպանատունը անմիջապէս ֆէյսպուքի վրայ յայտարութեամբ խստօրէն դատապարտեց ատրպէյճանցիներու այս վարքագիծը։  Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Կոչ ենք անում մեր հայրենակիցներին ցուցաբերել զգօնութիւն և չտրուել որևէ սադրանքի»:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց ատրպէյճանական կողմի կացութիւն հրահրելու սադրանքը։ Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի. «Կ’աշխատինք տեղական իշխանութիւններուն հետ` ապահովելու համար հայկական բոլոր կառոյցներուն եւ կեդրոններուն ոստիկանական յաւելեալ պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն: Վերջերս, բռնութիւններ հրահրելու միտումով, ազրպէյճանցիներու կողմէ կանխամտածուած ատելութեան բազմաթիւ ոճիրներ տեղի կ’ունենան հայերու եւ Հայ Համայնքային կեդրոններու դէմ, Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններու մէջ: Հայ Կեդրոնը կը դատապարտէ ազրպէյճանական կողմի որդեգրած սադրանքներու քաղաքականութիւնը: Կոչ կ’ուղենք քաղաքական բոլոր պաշտօնատարներուն եւ տարբեր համայնքներու ղեկավարներուն, որ իրենց կարգին դատապարտեն ատելութեան այս ոճիրը, եւ կը թելադրենք իրաւապահ մարմիններուն՝ խստօրէն հետազօտել, յայտնաբերել յանցագործները եւ պատասխանատուութեան ենթարկել անոնց»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.