Գանատայի Հայոց Թեմի Օնթարիոյի եկեղեցիները շուտով կը վերաբացուին

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը իր հաւատացեալ ժողովուրդին կը տեղեկացնէ, որ հրամանաւ եւ տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, 14 Յունիս 2020-ին, պետական օրէնքներու եւ առողջապահութեան ապահովման կանոններու հիման վրայ պիտի վերաբացուին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Սէնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Ուինտզրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դռները։

Մեր եկեղեցիները իրենց դռները կը բանան հիմնուած Ազգային Առաջնորդարանի պատրաստած եկեղեցիներու վերաբացումի նախագիծին վրայ, ուր ի գործ կ՚ածուին նախնական պատրաստութիւնները՝ մաքրութիւն, հականեխում, եւ նմանատիպ աշխատանքներ, հիմնուած Օնթարիոյ նահանգի օրէնքներուն օրինաչափութիւններուն վրայ։

Մեր հաւատացեալ ժողովուրդէն կը խնդրենք, որ զգօնութեամբ եւ աչալրջութեամբ հետեւին նահանգի օրէնքներուն եւ թոյլտուութեան օրինաչափութիւններուն։

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.