Կոչ՝ Գանատահայութեան

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն յառաջացուցած է Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Մարմին

Սիրելի հայրենակիցներ,

Քաղաքացիական պատերազմի եւ բազմապիսի տագնապներու բովէն անցած Լիբանանի ժողովուրդը, այսօր կը գտնուի ճգնաժամային վիճակի մէջ։ Ներքաղաքական զարգացումները՝ անցնող տարուընէ անվերահսկելի դարձուցած են երկրին տնտեսութիւնը ու զայն կաթուածահար ըրած։  Այս կացութեան եկած է աւելնալու քորոնաժահրի պարտադրած իրավիճակը՝ կրկնակիօրէ’ն սրելով  տագնապը: Պարզ քաղաքացիին ապրուստի եւ օրապահիկի ձեռքբերումը կ՚ընթանայ հեղձուցիչ պայմաններու մէջ։  Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ կը նախատեսուի, որ մինչեւ տարեվերջ աղքատութեան չափանիշը կլանէ երկրի բնակչութեան կէսը։

Լիբանանի հայութիւնը բնականաբար անմասն չէ մնացած այս ծանր իրադրութենէն: Անհատական թէ հաւաքական առումով՝ լիբանանահայ կեանքը  կքած է տնտեսական ծանր ճգնաժամին, քառապատկուած սղաճին ու համաճարակի առթած ազդեցութեան ներքեւ։ Կենցաղային պայմաններու անկանխատեսելի հետեւանքներուն եւ ապագայի անորոշութեան դէմ յանդիման կը գտնուին մեր հայրենակիցները։  Այս գծով, գաղութի կարիքաւոր անդամներուն օգնութեան ձեռք երկարած հայկական  բարեսիրական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց ճիգերը բազմապատկած են, սակայն անոնք եւս կը գործեն տագնապի պատճառած անձուկ պայմաններուն մէջ։

Լիբանանահայութեան ներկայ կացութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր ապագային սպառնացող վտանգին ի տես, այսօր չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ։  Պահն է գործի անցնելու։  Առ այդ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն, իր բոլոր կոմիտէներու, երիտասարդական-ուսանողական ու պատանեկան միաւորներու, ուղեկից կազմակերպութիւններու եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնարդարանի ներկայացուցիչներով յառաջացուցած է Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Մարմին: Համատեղուած ուժերով ու զօրաշարժով, այս Մարմինը շուտով հանդէս պիտի գայ իր յայտարարութեամբ ու հանգանակային աշխատանք պիտի ծաւալէ ամբողջ Գանատայի տարածքին:

Հայրենակիցներ,

Վստահ ենք, որ ինչպէս անցեալին, այսօր նոյնպէս, մենք, որպէս  Գանատահայ կազմակերպ ու կենսունակ համայնք, պիտի չզլանանք մեր անմիջական աջակցութիւնը ցուցաբերել տագնապահար կացութեան մէջ գտնուող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Արդ, կը դիմենք իւրաքանչիւր գանատահայ հայրենակիցի, որ մասնակցի նուիրահաւաքի այս արշաւին, որպէսզի միասնաբա’ր կանգնինք Լիբանանի մեր հայրենակիցներու կողքին։

ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

23 Մայիս 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.