Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն

  Կիրակի 3-Մայիս- 2020-ի կէսօր ժամը 12-ին , Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչներն ու Ս . նշան եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, հիւրընկալեցին Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Խորհրդարանի անդամ ՝ Պրն. Արիս Պապիկեան որուն կ’ընկերակցէր Գէմպրիճի շրջանի Օնթարիոյի նահանգանգային Խորհրդարանի անդամ Տիկ. Պէլինտա Գարահալիօս :
  Անոնք ընդառաջելով Հայ Կեդրոնի առաջարկին, կարճատեւ ժամկէտի ընթացքին ապահովեցին համաճարակի ժահրէն պաշտպանուելու դիմակներ, թիւով հինգ հարիւր (500), որոնք կը բաւարարեն համայնքի կարիքները:
  Այս առթիւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնի անունով կու գանք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու մեր առաքինի նահանգային պաշտօնատարներուն, որոնք մթագնած այս օրերուն կը պայծառացնեն մեր առօրեան իրենց նեցուկով գաղութիս մատակարարելով անհրաժեշտ պիտոյքներ:
  Յոյսով ենք, որ համագործակցութեամբ եւ միասնականութեամբ համայն մարդկութիւնը շուտով պիտի յաղթահարէ այս տագնապը :
ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.