Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն
2 Ապրիլ 2020
Սիրելի Թորոնթոհայ,
COVID-19-ի համաճարակի առթած դժուարին պայմաններուն կը գիտակցինք եւ կը յուսանք, որ մեր առած քայլերը որոշ չափով աջակցութիւն եւ կայունութիւն պիտի ապահովեն:
ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ
Ի տես վերջին զարգացումներուն, այսու կը յայտնենք որ Հայ եւ Հայ Երիտասարդական կեդրոնները պիտի շարունակեն փակ մնալ, ցնոր տնօրինութիւն։
ԿԱՅՔԷՋ
Կեդրոնս պատրաստած է Համաճարակի Պատրաստականութեան երկլեզու կայքէջ, ուր կրնաք գտնել բժշկական, առողջապահական, անձնական հոգատարութեան, կառավարական օժանդակութիւններու զանազան տեղեկութիւններ եւ կապի տուեալներ:
ՍԲ. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
- Եկեղեցին տակաւին փակ կը մնայ հանրութեան համար։ Ծաղկազարդի, Դռնբացէքի եւ Աւագ շաբթուան ու Ս․ Յարութեան բոլոր արարողութիւններուն պիտի կարենաք հետեւիլ միայն առցանց, դիմատետրի էջով։
- Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հաճեցէք հեռաձայնել եկեղեցիի գրասենեակ՝ (416) 493-8122:
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
- Առկախուած են նաեւ Ապրիլ 24ին Օթթաուայի ժողովրդային հաւաքը եւ բողոքի ցոյցը, ինչպէս նաեւ ոգեկոչումի բոլոր հանդիսութիւնները։
- Վերջինները փոխարինելու իմաստով, պիտի կազմակերպուին առցանց կամ այլընտրանքային ոգեկոչման միջոցառումներ, Ապրիլ 24ի օրը։ Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային, երբ մշակուի ընդհանուր յայտագիրը։
Սիրելիներ,
Պահէցէ՛ք ֆիզիքական հեռաւորութիւնը եւ քաջալերեցէ՛ք զիրար, որպէսզի դուրս գանք այս տագնապալի վիճակէն` աւելի աշխուժ եւ միասնական:
Մնացէք ապահով եւ առողջ
Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն
Յ.Գ. Մեր բոլոր հաղորդագրութիւնները կարելի է կարդալ Համաճարակի Պատրաստականութեան կայքէջին վրայ: