Լաւալի Հայ Կեդրոնի հաղորդագրութիւն

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք,  ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէն՝ իր կեդրոնէն ներս  գործող ուղեկից միութիւններու  հետ միասին, մօտէն կը հետեւի Քորոնաժահրի (Coronavirus – COVID-19) պատճառած արտակարգ դրութեան զարգացումներուն եւ քայլեր առած է կեդրոնէն ներս հարկ եղած առողջապահական նախազգուշութիւններու գծով: Նկատի ունենալով իրավիճակի լրջութիւնը՝ Լաւալի Հայ Կեդրոնը պիտի շարունակէ փակ մնալ՝ ցնոր տնօրինութիւն:  Առկախուած են նաեւ տեղի ունենալիք բոլոր համայնքային հաւաքական ձեռնարկները:

Այսու կու գանք ձեր բոլորին ուշադրութեան յանձնելու, որ մեր կեդրոնի յարկին տակ գործող բոլոր քոյր միութիւններուն համագործակցութեամբ, հաստատած ենք հեռաձայնային շտապ թիւ եւ ե-նամակի հասցէ՝ յատկապէս մեր տարեց սերունդի ա’յն անդամներուն համար որոնք միայնակ են եւ հարազատներու շրջանակ չունին, որպէսզի օժանդակութիւն ցուցաբերենք անոնց անհրաժեշտ կարիքներուն համար:

Մեզի հետ կրնաք կապ հաստատել՝

Կրնաք նաեւ հետեւիլ մեր Facebook էջին վրայ դրուած տեղեկութիւններուն:

Ծանօթ՝

Ե-նամակի եւ հեռաձայնային կապի պարագաներուն՝ մի մոռնաք ներառել ձեր անունն ու հեռաձայնի թիւը: Իսկ եթէ տեղւոյն վրայ չհասանք պատասխանելու ձեր զանգին՝ հաճեցէք ձգել ձեր պատգամը՝ ձեր կապի տուեալները նշելով:

Ձեր բոլորին մաղթելով առողջութիւն՝

ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.