Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Յայտարարութիւն

Սիրելի ազգայիններ,

Բոլորիս համար առօրեայ մտահոգութիւն սկսած է դառնալ Թագաժահրի (COVID-19) վարակիչ հիւանդութեան համաճարակը: Արդէն գիտէք, որ այս ժահրով վարակուածներու թիւը սկսած է բարձրանալ աշխարհի վրայ եւ այժմ ներթափանցած է Գանատա (նաեւ Քեպէք):

Գանատական կառավարութիւնը այս վարակէն խուսափելու եւ զայն կանխարգիլելու համար ժողովուրդին ներկայացուցած է խորհուրդներու շարք մը: Ձեր թանկագին առողջութիւնը նպատակ ունենալով, պարտք կը զգանք յիշեցնել ձեզի, թէ հարկ է լաւապէս գիտնալ այս համաճարակին ազդանշանները (warning sign) եւ տեւաբար հետեւիլ կառավարութեան ցուցմունքներուն եւ լուրերուն: Առ այդ, խորհուրդ կու տանք բոլորիդ կատարել հետեւեալները.

Ա. Յաճախակի, օճառով լուալ ձեր ձեռքերը, 20 երկվայրկեան տեւողութեամբ: Կարելի է նաեւ մաքրութեան համար օգտագործել ալգոհոլ պարունակող նիւթեր:

Բ. Հազալու եւ փռնգտալու պարագային՝ բերանը ծածկել արմուկով: Սակայն, նախընտրելի պիտի ըլլայ թաշկինակ գործածել եւ անմիջապէս թափել թաշկինակն ու մաքրել ձեռքերը:

Գ. Հեռու մնալ ջերմութիւն կամ շնչառական հարցեր ունեցող անձերէ:

Դ. Խուսափիլ ապականած կամ փակ վայրերէ, ուր մեծ թիւով մարդիկ կը գտնուին:

Ե. Տենդ կամ շնչառական հարցեր ունենալու պարագային, անյապաղ դիմել բժիշկի:

Առ ի զգուշութիւն՝ ներկայիս մեր կազմակերպութիւններէն շատեր ջնջած կամ յետաձգած են իրենց ձեռնարկներն ու ընթացիկ գործունէութիւնները: Սակայն, չշփոթինք եւ իրարանցումի չմատնուինք, այլ հանդարտութեամբ դիմագրաւենք այս դժուար դրութիւնը:

Մինչեւ օրս աշխարհի վրայ բազմաթիւ անձեր ապաքինած են: Լիայոյս ենք, որ այս ժահրը պիտի փարատի շուտով եւ բոլորս պիտի վերադառնաք մեր բնականոն կեանքին:

 Մոնթրէալի Հայ Կեդրոն

ACC Montreal

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.