Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Գանատայի խորհրդարանի Արցախի Բարեկամական Խմբակցութեան Ղեկավար Րէյչըլ Հարտըրի Հետ
2185
0
Հինգշաբթի, 30 Յունուար, 2020-ին, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ գործավար Սեւակ Պէլեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի Արցախի Բարեկամական Խմբակցութեան Ղեկավար Րէյչըլ Հարտըրի Հետ:
Հանդիպման ընթացքին, ընթացիկ հարցերու կողքին, կողմերը քննարկեցին Մարտ 31-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական համատեղ ընտրութեանց հոլովոյթն ու անոնց կարեւորութիւնը, բանակցային ներկայ գործընթացը, խմբակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու շարք մը այլ առաջնային կարեւորութիւն ունեցող հարցեր:
Ժողովի աւարտին կողմերը հաստատեցին խմբակցութիւնը առաւել ընդլայնելու հրամայականը եւ Արցախեան հիմնահարցը Գանատայի նորընտիր խորհրդարանականներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու անհրաժեշտութիւնը: