Կեսարիոյ Հայկական Եկեղեցին Կողոպտուած է Թուրք Գանձագողերու Կողմէ (տեսանիւթ)
1441
0
Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Մելիքկազի գաւառին մէջ գտնուող Սբ Աստուածածին ժայռափոր եկեղեցին կողոպտուած է՝ թուրք գանձագողերու կողմէ: Շրջանի աւագանիի անդամ Օմար Նալպանտ կը պահանջէ եկեղեցին վերանորոգել եւ հասանելի դարձնել զբօսաշրջիկներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ T24.com.tr կայքէն:
Հայերու կողմէ կառուցուած այս եկեղեցին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, այլեւս չի գործեր եւ պարբերաբար կ’ենթարկուի յարձակումներու:
«Մենք, որպէս աւագանի, բազմիցս երկաթէ դռներ դրած ենք, կղպած եկեղեցւոյ դուռը, բայց ապարդիւն՝ գանձեր որոնողները դուռը կը ջարդեն», – կը յայտնէ Նալպանտ։